The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ

ՉՈՐՍ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

 

27 եւ  28 Յուլիս օրերը ցնծութեան առիթներ եղան Պատրիարքական Աթոռի  հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողոովուրդին համար£ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր չորս սաները՝ Տրց. Սահակ Սրկ. Պըչաքճեան, Տրց. Սեւան Սրկ. Ճիւանեան, Տրց. Յարութիւն Սրկ. Պապիկեան եւ Տրց. Հայկ Սրկ. Քոփարեան՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հօր ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուեցան եւ վերանուանուեցան Տէր Զաւէն Քահանայ, Տէր Զûրապ Քահանայ, Հայր Զատիկ Աբեղայ եւ Տէր Զաքար Քահանայ։

 

 

ԿՈՉՈՒՄ

 

 

âորս ïÇñ³óáõ սարկաւագÝ»ñáõ քահանայութեան կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 27 Յուլիս 2005 Չորեքշաբթի, ժամը 19.00-ին« ê© ²ëïáõ³Í³ÍÇÝ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախ կատարուեցաւ երեկոյեան ϳÝáÝ³Ï³Ý ժամերգութիւն հանդիսապետութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ մասնակցութեամբ Աթոռոյս հոգեւոր դասուն։ Ժամերգութեան աւարտին սկսաւ կոչման արարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեանի եւ առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի։

 

 

Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան, վկայութիւն տրուեցաւ ընծայեալներու արժանաւորութեան, վարքին եւ կենցաղին մասին եւ ապա ընծայեալները պաշտօնապէս յանձնառու եղան քահանայութեան լուծը վերցնել, հրաժարեցան եւ նզովեցին բոլոր հերձուածողներն ու ëË³É ուսուցումները եւ խոստացան աշակերտիլ եւ հետեւիլ առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներու եւ վարդապետներու ուսուցումներուն։ Ապա կարդացին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

 

 

Կոչման արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը պատշաճ բացատրութիւններ տուաւ քահանայութեան կոչման արարողութեան մասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթքով մասնակցելու տիրացուներու յաջորդ օրուան ձեռնադրութեան համար։

 

Արարոութեանց աւարտին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ քովնտի պարտէզին մէջ թէյասեղան մը սարքեց, որուն ընթացքին հոգեւոր հայրեր եւ արարողութեանց մասնակից ժողովուրդը շնորհաւեցին ընծայացուները եւ կարողութիւն մաղթեցին իրենց։

 

 

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 

 

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին տաճարը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լեցուն էր հաւատացեալ ժողովուրդով, որոնք եկած էին մասնակցեÉու չորս ժառանգաւորներու քահանայական ձեռնադրութեան Ս. Խորհուրդինª իրենց աղօթքներով եւ մանաւանդ իրենց վկայութիւնը տալու տիրացուներու արժանաւորութեան մասին։ Առաւօտեան ժամերգութիւնները կատարեցին քահանայ հայրեր։

 

 

Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը առընթերակայութեամբ Հոգշ. Հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, Հոգշ. Տ. Զաքէոս Աբեղայ Օհանեան, Անգլիական Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հ. Ճոն àւÁլի Վարդապետը, քահանաներ եւ սարկաւագներ։

 

 

Նախ քան ճաշու գրքերու ընթերցումը չորս տիրացուները սաղմոսներով բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակ Հայր Սուրբը անգամ մը եւս ներկայացուց ենթակաները վկայելով անոնց վարքին եւ գիտութեան։

 

Կանոնական աղօթքներու ընթերցումէն յետոյ չորս տիրացուները իրենց ուխտագիրները կարդացին ուխտելով «ցմահ անտրտունջ ծառայելու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հնազանդ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ սրբազան աւանդութեանó եւ իրենց քահանայական պաշտօնը կատարել Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ, հնազանդ մնալով Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւ իր յաջորդներուն¦։

 

 

Մինչ կ՚երգուէր §Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ¦ը, չորս սարկաւագներ իրենց երեսը ժողովուրդին դարձած եւ ձեռքերնին վեր բարձրացուցած՝ ցոյց կու տային, թէ կը հրաժարէին աշխարհիկ կեանքէ։ Ժողովուրդը կը վկայէր իրենց արժանաւորութեան մասին, երգելով §Արժանի են¦։ ²å³ ¹¿åÇ Ëáñ³Ý ¹³ñÓáÕ ïÇñ³óáõÝ»ñáõ ·ÉáõËÝ»ñáõÝ íñ³Û ä³ïñdzñù гÛñÁ ÙÇ ³é ÙÇ Ó»éù ¹ñ³õ ³ÕûûÉáí áñ ³ÝáÝù ³ÝÑñ³Å»ßï ½ûñáõÃÇõÝÝ ëï³ó³Ý ²ëïáõÍáÛ êáõñµ Ðá·Ç¿Ý£

 

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը տիրացուներու ուրարները դարձնելով իրենց վզերէն վերածեց փորուրարի ի նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին եւ քահանայութեան։

 

ø²Ð²Ü²ÚÆ úÌàôØ

 

 

Սուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ §Ողջոյն¦ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ չորս սարկաւագներուն տրուեցաÝ փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։

 

 

Ապա ïÇñ³óáõÝ»ñÁ զանգակներու ղօղանջներով եւ Խաչատուր Տարօնեցիի հեղինակած §Խորհուրդ Խորին¦ շարականáí զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղանին առջեւ։

 

 

 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Միւռոնով օծեց նորապսակ քահանաներուն ճակատներն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը եւ զանոնք աւագութեան կարգով վերակոչեց ըստ հետեւեալի. Տրց. Սահակ Սրկ. Պըչաքճեանը՝ Տէր Զաւէն Քահանայ, Տրց. Սեւան Սրկ. Ճիւանեանը՝ Տէր Զûհրապ Քահանայ, Տրց. Յարութիւն Սրկ. Պապիկեանը՝ Հայր Զատիկ Աբեղայ, եւ Տրց. Հայկ Սրկ. Քոփարեանը՝ Տէր Զաքար Քահանայ։

 

 

Նորաåë³Ï հոգեւորականները կարգաւ իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը տուին ժողովուրդին։ Յետ օծման Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ բացատրեց Ó»éݳ¹ñ»³ÉÝ»ñáõÝ տրուած անուններուն իմաստը. Զաւէն՝ օգնական, Զօհրապ ՝ կարմրափայլ, Զատիկ՝ զոհ եւ պատարագ, Զաքար՝ յիշատակ։ Մեր Հոգեւոր Պետը իւրաքանչիւր անուան իմաստը ներկայացնող Ս. Գրական մէջբերումներով հանգամանօրէն ընդգծեց քահանայական կարգի կարեւորութիւնը, քահանային պաշտօնին վսեմութիւնը։ Յիշեցուց, թէ քահանան իր պաշտօնավարութեան ամէն մէկ փուլին պէտք էր վստահէր Աստուծոյ եւ միշտ դիմէր անոր օգնականութեան։ Քահանան պէտք էր իր պարտաճանաչութեամբ փայլէր եւ իր առաքինութիւններով օրինակ հանդիսանար ժողովուրդին։ Իր ծառայութեան օրինակը պէտք էր ըլլար Ս. Խաչին վրայ պատարագուած Քրիստոսը, որ զենուեցաւ մեր բոլորին համար։ Քրիստոսի պաշտօնեան Եկեղեցւոյ խորհուրդներու կատարմամբ հոգեւոր մարտի կը մտնէր ընդդէմ չարին։ Քահանան պէտք էր տէր կանգնէր մեր սրբութեանց եւ յարգէր յիշատակը բոլոր անոնց որոնք Հայ Եկեղեցին կերտեցին եւ մեր ժողովուրդը Հայ Քրիստոնէի կնիքով դրոշմեցին։

 

 

Ողջոյնի պահուն« ÜáñÇÝ ²Ø»Ý³å³ïáõáõÃ»Ý¿Ý սկսեալ« բոլոր հոգեւորականները ըստ  իրենց աւագութեան կարգին եկան համբուրելու նորաåë³Ï հոգեւորականներու ճակատներն եւ աջերը։

 

 

ՎԵՂԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նորապսակ Հոգշ. Հայր Զատիկ Աբեղայ Պապիկեանի վեղարի օրհնութեան արարողութիւնը կանոնական աղօթքներու ընթերցումով։

 

Տուուչութեան արարողութենէն յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետը շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց դպիրներուն եւ ժողովուրդին։

 

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

 

 

Եկեղեցւոյ Պալեան սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Թաղային Խորհուրդի անունով արտայայտուեցաւ Տիար Կարպիս Պալմումճուեան։ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Պարոյր Քէպապճեան, որ յուշանուէրներ յանձնեց նորապսակ հոգեւորականներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը  իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս շնորհաւորեց նորապսակ հոգեւոր հայրերը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց կնքահայրերուն, որոնք յանուն ժողովուրդին զօրավիգ կանգնած էին իրենց։ Շնորհաւորեց նաեւ իրենց ծնողներն ու  ընտանիքները։ Հուսկ բանքը արտասանեց Գերշ. Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս, որ հայրական խրատներ տուաւ նորապսակ հայրերուն։

 

Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքէն յետոյ աւարտին հասաւ Սիրոյ Սեղանը։

Ðá·»ßÝáñÑ Ð© ¼³ïÇÏ ²µÕ© ä³åÇÏ»³ÝÇ Ó»éݳ¹ñáõû³Ý ÏÝù³Ñ³ÛñÝ ¿ñª ¶¿áñ· â¿ÃÇÝù³Û³« ²ñųݳå³ïÇõ î© ¼³õ¿Ý øÑÝ© äÁã³ù×»³ÝǪ ØÏñïÇã ÂÇÙáõñ×áõûÕÉáõ« ²ñųݳå³ïÇõ î© ¼ûÑñ³å øÑÝ© ÖÇõ³Ý»³ÝǪ êÇÙáÝ úñ³É« ²ñųݳå³ïÇõ î© ¼³ù³ñ øÑÝ© øá÷³ñ»³ÝǪ Æëù»Ýï¿ñ Þ³ÑÇÝÏ¿û½£

 

ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՏԻԿ ԱԲԵՂԱՅ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

 

 

   Աւազանի անունով՝ Յարութիւն, ծնաւ 1951-ին Պոլիս եւ նախակրթութիւնը ստացաւ Էսաեան Վարժարանին մէջ։ Վկայուելով Ղալաթիոյ Կեդրոնական Լիսէէն, 1970–1976 տարիներուն աշխատեցաւ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի տպարանին մէջ, որպէս գրաշար։

   1978-ին, աւարտեց զինուորական ծառայութիւնը, 1980-ին հիմնեց իր սեփական տպարանը, զոր փակեց 2000-ին։

   Մաս կազմեց Կեդրոնական Սանուց Միութեան վարչութեան եւ Ս. Խաչ Լիսէի (Դպրեվանք) օժանդակ մարմնին։ Անդամակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դաս Երգչախումբին, նաեւ մաս կազմեց տնօրէն խորհուրդի կազմին։

   2000–2004 շրջանին յաճախեց Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան ճիւղը, որուն քառամեայ շրջանը բոլորելէ ետք, 2004 թուականին ստացաւ դպրութեան չորս աստիճանները ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Նոյն տարին Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի ձեռամբ կիսասարկաւագ ձեռնադրուելէ յետոյ մեկնեցաւ Լիբանան, ուր հետեւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

   3 Յուլիս 2005-ին, Վարդավառի տօնին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։

   28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

 

ԱՐԺ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԸՉԱՔՃԵԱՆ

 

 

   Աւազանի անունով՝ Սահակ, ծնաւ 1951 թուականին Կեսարիա, ուր ստացաւ իր նախակրթութիւնը։ Ապա Պոլիս գալով 1969-ին վկայուեցաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Ստանպուլի Համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։ Հետեւեցաւ փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն։ Աւարտեց նաեւ Չափայի Պետական Հիւանդանոցի մէջ կազմակերպուած հոգեբանութեան դասընթացքները։

   1975-ին զինուորագրուեցաւ ու ծառայեց Թուզլայի եւ Քըրքլարէլիի մէջ։ Ամուսնացաւ Հայկանուշ Նազիկ Մկրեանի հետ եւ ունեցաւ երեք զաւակներ. Աւետիս, Արման եւ Հերման։

   Դպրութեան չորս աստիճանները ստացաւ 1964-ին, ձեռամբ Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր։ 1980-ական թուականներուն հետեւեցաւ Պատրիարքական Աթոռին Ս. Գիրքի դասերուն։ Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 1997-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի եւ Երանաշնորհ Գարեգին Բ Ս. Պատրիարք Հօր յատուկ արտօնութեամբ սկսաւ Ս. Գրքի դասեր կազմակերպել համայնքի թրքախօս անդամներուն համար։ Սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 2004-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանի։

   Ունեցաւ համայնքային ծառայութիւն։ Երկար տարիներ պաշտօն վարեց սանուց միութիւններու եւ դպրաց դասերու մէջ։ Հոգաբարձութեան ատենապետ եղաւ Սահակեան Նունեան Վարժարանի եւ խնամակալ՝ Գալֆայեան Տան։

   28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

  

  

ԱՐԺ. Տ. ԶՕՀՐԱՊ ՔԱՀԱՆԱՅ ՃԻՒԱՆԵԱՆ

 

 

   Աւազանի անունով՝ Սեւան, ծնաւ 27 Փետրուար 1960-ին Պոլսոյ Կէտիկփաշա թաղը, ուր Ս. Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ ստացաւ նախակրթութիւնը։ Ապա միջնակարգի եւ լիսէի ուսումը ստացաւ Ղալաթիոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Ստանպուլի Թէքնիք Համալսարանի Շինութեան Ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ, զորս աւարտեց 1982-ին, իսկ 1984-ին վկայուեցաւ Մագիստրոսի տիտղոսով։

   Աւարտելով ուսումը, զինուորագրուեցաւ ու ծառայեց Իզմիրի եւ Սարըքամըշի մէջ։ Ապա ամուսնացաւ Թանիա Փափճեանի հետ, 1998-ին։ Զինուորական պարտականութենէն յետոյ, աշխատեցաւ որպէս շինութեան ճարտարագէտ։

   Մանկութեան օրերէն սկսեալ որպէս երգեցիկ մանուկ հետեւեցաւ թաղի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ դպրաց դասու աշխատանքներուն, զորս անխափան շարունակեց բերելով իր գործօն մասնակցութիւնը նոյն եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի շարքերէն ներս։ Դպրութեան չորս աստիճանները ստացաւ 1974-ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Մաս կազմեց Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին։ 1982-ին ուրար կրելու արտօնութիւն ստացաւ ձեռամբ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի։ Մաս կազմեց նաեւ Սայաթ Նովա Դպրաց Դաս Երգչախումբի աշխարհիկ համերգներու աշխատանքներուն։ Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 2004-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկոպոս Աթէշեանի եւ սարկաւագ՝ 2005-ին ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ։

   2005-ի Յունիսին աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի քահանայից դասընթացքները։

   28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

 

  

ԱՐԺ. Տ. ԶԱՔԱՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՔՈՓԱՐԵԱՆ

 

 

   Աւազանի անունով՝ Հայկ, ծնաւ 1972-ին, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացաւ 1978–1982 թուականներուն միջեւ, Սկիւտարի ՆերսէսեանԵրմոնեան վարժարանին մէջ։ Ապա, 1990 թուականին վկայուելով Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Լիսէէն (Դպրեվանք), մուտք գործեց գործի ասպարէզ իբրեւ հաշուապահ։

   1998-ին աւարտելով զինուորական ծառայութիւնը, 1999-ին ամուսնացաւ Լիւսիէն Պալըքի հետ եւ 2002-ին ունեցան աղջիկ զաւակ մը՝ Մանէն։

   1999-2004 թուականներուն միջեւ ուսանեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ, ուրկէ վկայուելէ յետոյ, 2004-ին ստացաւ դպրութեան չորս աստիճանները ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Նոյն տարին Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի ձեռամբ կիսասարկաւագ ձեռնադրուելէ յետոյ մեկնեցաւ Լիբանան, ուր հետեւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

   3 Յուլիս 2005-ին, Վարդավառի տօնին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։

   28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

 


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr