Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն։ Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը։
Վերափոխման տաղաւարին կը տօնենք աւանդութիւն մը, որ կու գայ առաքեալներու շրջանէն՝ նոյն իսկ առաքեալներու կողմէ փոխանցուած։ Մեր Տիրոջ համբարձումէն 15 տարիներ ետք, երբ Սուրբ Կոյս Աստուածածինը կը գտնուէր Յովհաննէս Առաքեալի որդիական խնամքին տակ, իր հոգին կ՚աւանդէ ու առաքեալներու կողմէ իր մարմինը կ՚ամփոփուի Գեթսեմանիի ձորակին մէջ։ Սակայն Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալ թաղման ժամանակ ներկայ չկրնար գտնուիլ Երուսաղէմ։ Ինք երբ կը վերադառնայ, կը լսէ Տիրամօր ննջման լուրը ու իր առաքելակիցներէն կը լսէ թէ ինչ պայծառ դէմք մը ունեցած է ան ննջման պահուն։ Կը փափաքի անպայման վերջին անգամ եւս տեսնել զայն։ Ուստի առաքեալները խմբովին կ՚իջնեն Գեթսեմանիի ձորակը ու կը բանան Տիրամօր գերեզմանը։ Սակայն մարմինը չեն գտներ։ Այսպէս՝ կը համոզուին թէ Քրիստոս իր մայրը երկինք վերափոխած է։ Ահաւասիկ այսպէս, Առաքելական շրջանէն արդէն կը սկսի Տիրամօր «Ննջման» կամ «Վերափոխման» տօնակատարութիւնը։
Տէր Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ իր Հոգին աւանդելէ առաջ, Ս. Մարիամ Աստուածածինը յանձնեց Յովհաննէս Առաքեալի խնամքին։ Իսկ Ս. Յովհաննէսը՝ որ այդ պահուն խորհրդաւոր կերպով կը ներկայացնէր Քրիստոսի Եկեղեցին յանձնուեցաւ Սուրբ Կոյսի մայրական խնամքին (Յովհաննէս 19.26-27)։ Տէրը այսպիսով Սուրբ Կոյսը կը նկատէր որպէս Սուրբ Եկեղեցւոյ մայրը։ Ուստի Սուրբ Կոյսը առ այսօր կը շարունակէ իր մայրական խնամքը տարածել Եկեղեցւոյ վրայ ու իր սուրբ աղօթքներով ու խնդրանքներով կը բարեխօսէ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ընդհանրապէս բոլոր Եկեղեցւոյ փրկութեան եւ բարօրութեան համար։ Նաեւ ան, որպէս մայրը թագաւորներու Թագաւորին, Թագուհի՛ն է երկինքի արքայութեան եւ գլխաւորը սրբոց դասին։ Ուստի երբ կը կարօտինք հոգեւոր օգնութեան ու սփոփանքի, ունինք Մայր մը, որ պատրաստ է խնամք տանելու մեզի եւ մեր մեղաց համար թողութիւն խնդրելու իր Միածին Որդիին առջեւ։ Ի զուր չէ, որ Եկեղեցին բազում շարականներ ու բարեխօսութեան մաղթանքներ յօրինած է՝ Սուրբ Կոյսին ուղղեալ։
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին իր օրինակով գերագոյն տիպարն է կատարեալ Քրիստոնեայի։ Կարեւոր է հասկնալ Մարիամ Աստուածածնի տեղը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։ Եթէ քննենք թէ՝ ան ինչպէս արժանացաւ այս բոլոր շնորհներուն եւ մեծարանքներուն, կը գտնենք հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն բանալին։ Դիւրին չէր երիտասարդ աղջկան մը համար ընդունիլ այնպիսի լուծ մը, որ պիտի դրուէր իր վրայ։ Ան կրնար իր նշանածէն բաժնուիլ, կրնար նկատուիլ անբարոյ կին մը եւ պատժուիլ, ժողովուրդէն արտաքսուիլ եւ վերջապէս կորսնցնել ամէն ինչ՝ որ ունէր։ Սակայն ան գիտցաւ կատարելապէս վստահիլ Աստուծոյ, ունեցաւ քաջութիւնը հնազանդելու Անոր կամքին եւ ըսել պարզ ու խոնարհ «ա՛յո» մը, Տիրոջ պատգամաւորին՝ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին առջեւ։ Աստուած մեծապէս վարձատրեց անոր խոնարհութիւնը։ Ան եղաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին եւ Աստուծոյ Որդիին մայրը։ Ան ծննդաբերեց տիեզերքի Արարիչը, Աստուծոյ Խօսքը մարմին առաւ անկէ եւ ան դարձաւ §Աստուածայմայր¦։
Սիրելի Հաւատացեալներ,
Սրբուհի Աստուածածնի օրինակը պէտք է միշտ գտնուի մեր աչքերուն առջեւ։ Մեր կեանքին մէջ դէմ յանդիման կը մնանք զանազան դժուարութիւններով։ Երբեմն կեանքը մեր առջեւ կը դնէ երկընտրանքներ ու որոշում տալու պարտաւորութեան ներքեւ կը մնանք։ Պէտք է ընտրենք կամ հոգեւորը կամ նիւթականը։ Ս. Մարիամ Աստուածածնի օրինակը մեզի ցոյց կու տայ թէ, երբ կ՚ընտրենք հոգեւորը, դժուարութիւններ կրելով հանդերձ Տիրոջ շնորհքը մեզի կ՚օգնէ ու կը զօրացնէ։ Թէեւ աշխարհիկ որոշ կարծեցեալ հարստութիւններէ կը զրկուինք, սակայն կը տիրանանք այնպիսի հոգեւոր արժէքներու, որոնք մեզմէ երբէք չեն բաժնուիր ու չեն սպառիր։
Աստուածածնի տիպարը թող մեզի օրինակ ըլլայ մեր կեանքին մէջ։ Իր բարեխօսութիւնը ու խնամքը անպակաս ըլլայ մեր եկեղեցւոյ, մեր համայնքին, ընտանեկան յարկերուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն վրայէն։ Ամէն։
Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան
|