ՔԱՐՈԶ
(10 Օգոստոս 2008)
§Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են¦
()
Երբ կը կարդանք բժշկութեան աւետարանները, անտարակոյս մէկիկ մէկիկ կը յիշենք այն հիւանդները, զորս Յիսուս բժշկեց։
Մենք ալ մեր կարգին սրտանց կը փափաքէի՞նք արդեօք, ապրիլ Յիսուսի հետ Իր երկրաւոր կեանքի օրերուն մէջ ըսելով. §Եթէ Յիսուս ըլլար բժիշկս, չէի տառապեր. ան կրնար զիս հրաշքով բժշկել¦։ Եթէ այս մտածումները կ՚անցնին մեր սրտերէն Յիսուս մեր ուշադրութիւնը դարձուցած կ՚ըլլանք Քրիստոսի զօրութեան, փոխանակ ընկղմելու մեր հիւանդութիւններու խորհուրդին մէջ։ Այդ զօրութեան հաւատալը ինքնին մեծ շահ մըն է։ Տիրոջ զօրութեան հաւատալը՝ ինքնին զօրութիւն է։ Կան զօրութիւններ, որոնք կը քանդեն եւ կը սպաննեն։ Նոյնպէս կան զօրութիւններ, որոնք կը փրկեն, զորս կը կոչենք փրկագործ զօրութիւններ։ Այս այս փրկագործ զօրութեան աղբիւրն է Յիսուս Քրիստոս։ Բայց ի՞նչ օգուտ ունի §փրկիչ¦ ուժի մը գոյութիւնը եթէ փրկութեան կարօտ մեղաւորը կամ հիւանդը չդիմէր այդ ուժին, եւ կամ բոլորովին անծանօթ է անոր։ Երկու պայմաններ պէտք է լրացնել Քրիստոսի փրկագործ զօրութենէն օգտուելու եւ փրկութեան հասնելու համար։ Նախ, պէտք է ճանչնանք Փրկիչը, եւ երկրորդ՝ հաւատանք Իր փրկագործ զօրութեան։ Փրկուելու պայմանն է ճանչնալէ յետոյ հաւատալ Իրեն։
Ինչպէս կը կարդանք Ս. Գիրքի մէջ §Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր։ Այդ միջոցին, մարդիկ մահիճի վրայ դրուած անդամալոյծ մը բերին։ Անոնք կը ցանկային ներս մտնել, որպէսզի Յիսուս բժշկէր հիւանդը։ Բայց հնարաւոր չէր ներս տանիլ հիւանդը։ Այն ատեն հիւանդը կրող մարդիկը տունին տանիքը բարձրացան, բացին առաստաղը, հիւանդին մահիճը չորս ծայրերէն պարաններով կապեցին եւ իջեցուցին Յիսուսի առջեւ։ Տեսնելով Յիսուս անոնց հաւատքը, անդամալոյծին ըսաւ. §Որդեակ քու մեղքերդ քեզի ներուած են¦։
Թէ անդամալոյծը, եւ թէ իր չորս ընկերները կատարեալ հաւատք ունէին։ Փրկութիւնը կը սկսի հաւատքով։ Հաւատա եւ պիտի փրկուիս։ Զօրութեան աղբիւրն է Քրիստոս ։ Բայց նախ պէտք է հաւատալ, թէ ան կրնայ իր զօրութեամբ փրկել մեզ մեր մեղքերէն։ Քրիստոս երբ իր փրկարար, կենարար, սրբարար զօրութեամբ բնակի մեր էութեան մէջ մեր կեանքն ալ կը վերածնի եւ պտղաբեր ծառի մը պէս պտուղներով կը զարդարուի։
Քրիստոսի արժանաւոր աշակերտ ըլլալ չի նշանակեր միայն անձնական փրկութիւնը ապահովել, այլ մասնակից ըլլալ Քրիստոսի փրկարար ծրագրին։ Այսինքն փրկուելէ վերջ պէտք է նաեւ ուրիշի փրկութեան ծառայենք։ Փրկութիւնը մեր առջեւ բացուած ճանապարհ մըն է։ Եթէ փրկութեան հաղորդ դառնալով այդ ճամբուն կէսին կը հասնինք, փրկութեան ծառայելով կատարելութեան կը հասնինք։ Մենք շնորհքը կ՚ընդունինք, մեր շուրջիններուն սփռելու, բաշխելու համար։ Քրիստոսի չենք երթար միայն Իր պաշտպանութիւնը վայելելու համար, այլ նաեւ՝ մեր ծառայութիւնը մատուցելու Իր փրկարար առաքելութեան։ Նայինք մեր շուրջի հիւանդներու բազմութեան։ Անոնց աղաղակները կը թնդացնեն երկինքն ու երկիրը։ Անոնք չեն կրնար իրենք զիրենք պաշտպանել եւ պէտք ունին ուրիշի մը պաշտպանութեան ապաւինելու։ Շատեր անհոգ կը գտնուին անոնց նկատմամբ եւ լուռ կը կենան, իրենց անձնական հանգիստը չվրդովելու համար։ Բայց ո՞վ պիտի պաշտպանէ վիրաւորը, հիւանդը եթէ քրիստոնեան ալ լքէ զայն։
Աստուած մեզ կը կոչէ առաջնորդութեան։ Մենք չլքենք։ Բռնենք մահիճին մէկ ծայրէն, որուն վրայ պառկած է անդամալոյծ մը, կամ մեղաւոր մը։ Ան մեր եղբայրն է, մենք ալ իրեն համար եղբայրներ ըլլանք։ Սա քրիստոնէական բարոյականի հիմնաքարերէն մին է։ Մեզի յանձնուած գործ մը կայ։ Կերակրենք, բժշկենք, ազատենք աղքատը, հիւանդը եւ փրկութեան աւետարանը քարոզենք։ Այս է Աստուծոյ կանչը, այս է մեր գործը։
Աշխարհի մէջ կարենալ ապրելու համար պէտք ունինք աւելի խոր հաւատքի զօրութեան։ Մեր մարդկային կարելիութիւնները չարին դէմ մարտնչելու դէմ անզօր կը մնան։ Ուստի դիւրաւ կը պարտուինք։ Մեր կարելիութիւները պէտք է կատարելագործենք եւ զօրացնենք։ Այդ կատարելութիւնը ձեռք կրնանք ձգել միայն հաւատքով. անսասան հաւատքով։
Տէրը անպակաս ընէ Իր զօրութիւնը, որպէսզի կարենանք յաղթական դուրս գալ մեզ շրջապատող մարմնական, հոգեկան եւ ընկերային բոլոր հիւանդութիւններուն դէմ մղելի մեր կեանքի պայքարին մէջ։
Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան
|