Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(24 Օգոստոս 2008)

 

   §Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի

   կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ¦

   (Ղկ. 1.45)

  

   Այսօր Աւետարանը մեզի կը պատմէ այն դրուագը, որ Աստուածամայրը տակաւին նոր յղացած Ս. Հոգիէն, կ՚այցելէ իր ազգականին՝ Եղիսաբեթին եւ ան երանի կու տայ իրեն, ըսելով՝ §Երանի անոր, որ կը հաւատայ թէ Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուին¦։

    Մարիամ կ՚աւելցնէր՝ ըսելով. §Այսուհետեւ բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի¦ (Ղկ. 1.48)։ Ս. Կոյսը կը գիտակցէր, թէ շնորհք ընդունած էր Աստուծմէ եւ կարեւոր պարտականութիւն մը յանձնուած էր իրեն։ Ան հրեշտակէն ստացած էր Աստուծոյ խոստումները, որոնց իրականացման մասին ո՛չ մէկ կասկած յայտնելով։ Մենք, այսօր, որքանո՞վ կը հաւատանք աստուածային խոստումներուն եւ անոնց իրականացման։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր յաճախ մեր շուրջ կը տեսնենք զանազան մարդիկ, որոնք միշտ կը խոստանան մեզի եւ սակայն այդ խոստումները չե՛ն իրականանար։ Ա՛յս է մեր թերահաւատութեան պատճառը, ա՛յս է մեզ անհաւատութեան առաջնորդողը։ Որովհետեւ չենք ուզեր ընդունիլ եւ չենք ուզեր տեսնել, նոյնիսկ երբ լսենք՝ չենք ուզեր հասկնալ, թէ Ս. Գիրքի իւրաքանչիւր դրուագ, իւրաքանչիւր առակ կը պատմէ մեզի այն իրականութեան մասին, որ խոստում մըն է։ Մեր հաւատքին հաւաստիքն ու ուղղութիւն տուողը՝ Ս. Գիրքն է, որուն մէջէն պէտք է դիտենք մեր կեանքը եւ որմէ պէտք է առաջնորդուինք։ Որովհետեւ, Աստուած ճշմարիտ է։ Ճշմարիտ է նաեւ իր Խօսքը։ Մարդոց ընթացքը չ՚ենթադրեր որ անվստահութեամբ կամ կասկածամտութեամբ մօտենանք Աստուծոյ։ Որովհետեւ Աստուած կը յայտնէ ինքզինք այնպէ՛ս, ինչպէս որ է՛ Իր բնութեան եւ էութեան մէջ։

   Պէտք է յստակ գիտնանք, թէ մենք ալ օր մը պիտի ներկայանանք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ եթէ հաւատացած ենք Անոր խոստումներուն եւ զանոնք ժառանգելու ընթացքին մէջ եղած ենք, պիտի տիրանանք անոնց։

   Եկէ՛ք, միասին խորհրդածենք թէ մենք ի՞նչ բան պիտի ժառանգենք եւ ի՞նչ ընթացքով կրնանք ժառանգել։ Մէկ բան պիտի ժառանգենք մենք, սիրելի հաւատացեալներ՝ ուրիշ ժառանգ չունինք, այդ ալ Յաւիտենական Կեանքն է, որուն մասին կը խօսի Քրիստոս։

   Քրիստոս այդ ժառանգը կը խոստանայ՝

   1. Իրեն հաւատացողներուն։ Քրիստոսի ժամանակ ալ կային հաւատացողներ։ §Կը հաւատա՞ս։¦ հարցումին՝ §Այո՛¦ պատասխանեցին, հետեւեցան եւ ստացան իրենց բաժինը։ Մեզի ալ այսօր նոյն հարցումը կը հարցուի, ինչպէս Աստուածամայրը անվարան հաւատացած էր։ §Կը հաւատա՞ս¦ կ՚ըսէ Քրիստոս, այն ժառանգին, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին առանցնապէս եւ յատկապէս խոստացած է։ Մենք ենք՝ որ պիտի ընտրենք, մեզի տրուած ազատ կամքով՝ §այո՛¦ կամ §ո՛չ¦ պիտի ըսենք ու պիտի ժառանգենք Յաւիտենական Կեանքի խոստումը։

   2. Միշտ Իրեն հետեւողին։ Դժուար է այն ճամբան։ Խաչը առնել եւ երթալ պէտք է։ Դիտենք առաքեալներու կեանքը, դիտենք Աստուածամօր կեանքը, երբեք դիւրին չէր։ Մեզի համար այսօր շատ դիւրին է պատմութեան էջեր թերթատելու նման Ս. Գիրքը կարդալ։ Պէտք է լաւապէս թափանցել անոր ներքին ծալքերուն։ Երբեմն, մեր շուրջ ալ պիտի ստեղծուին անշուշտ անապահով կացութիւններ, յաճախ փորձութեան մէջ պիտի իյնանք։ Քրիստոս երբե՛ք չի խոստանար որ մենք հանգիստ կեանք մը պիտի ունենանք այս աշխարհի վրայ։ Սակայն մեր ընթացքն է որ մեզ պիտի ուղղէ այն ժառանգը ստանալու։ Ուրեմն, քաջութեամբ հետեւիլ պարտ է մեզ։

   3. Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ եղողներուն։ Այսինքն իրենց ամբողջ էութիւնը կապուած է Աստուծոյ՝ ապաշխարութեամբ, աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ բարեգործութեամբ։ Այսպիսիներն են, որ ունին մշտական կապ մը Աստուծոյ հետ եւ մօտենալով Ս. Սեղանին, կը վերանորորգեն իրենց ուխտը եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աստուածահաճոյ կեանքի։

   Աստուածամայրը, որ այսօր ունինք իբրեւ տիպար, կը տեսնենք թէ հաւատաց Քրիստոսի, հետեւեցաւ Անոր ու միշտ հաղորդակցութեան մէջ եղաւ Իրեն հետ գերագոյն օրինակը հանդիսանալով մարդկութեան։

   Եկէ՛ք, մենք եւս լսենք Աստուծոյ կանչը այսօր եւ հետեւինք նոյն ընթացքին որպէսզի երբ օր մը միանանք Յաղթական Եկեղեցւոյ, այդ պարագային ստանանք մեզի յատկացուած բաժինը եւ այդպիսով օրհնենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 

   Թաթուլ Ծ. Վարդապետ

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr