ՔԱՐՈԶ
(31 Օգոստոս 2008)
§Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք¦
Երբ մարդիկ դժուարին կացութեան մը հետ դէմ յանդիման կը մնան, յաճախ կը կորսնցնեն իրենց դատողութիւնը, իրենք զիրենք անելի մատնուած կը զգան, կարծես իրենց տեղերը գամուած կը մնան։ Նման տեսարաններ մեր բոլորին կեանքէն ներս յաճախ կը տեսնուին։
Տէր Յիսուս օր մը իր քարոզութիւնը աւարտած ըլլալով, իր աշակերտներուն կը հրահանգէ որ նաւ մտնեն որպէսզի դիմաց անցնին։ Երբ ծով կը բացուին՝ յանկարծ փոթորիկ կը պայթի, ծովը կատղած՝ կարծես իր բոլոր ուժը կը թափէ։ Նաւը խորտակուելու վտանգին հետ հետ դէմ յանդիման կը մնայ։ Բարձրացած հսկայ ալիքները նաւէն ներս կը խուժեն։ Նաւը ընկղմելու վրայ է։ Աշակերտները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն որպէսզի նաւը չընկղմի, եւ իրենք ալ չմեռնին։ Բայց իրենց ջանքերը ապարդիւն կը մնան։ Փոթորիկը ահաւոր է, աշակերտներուն դուրս պարպածէն աւելի չափով ջուր նաւ կը մտնէ։ Աշակերտները այնքան կը վախնան, որ իրենց ձեռքերն ու ոտքերը կարծես կը կապուին եւ կը զգան, թէ անել վիճակի մէջ մատնուած են։ Ճարահատ, ի վերջոյ կ՛անդրադառնան, թէ իրենց համար մէկ բան կը մնար ընել. իրենց աչքերը Տիրոջ կը դարձնել։ Տէր Յիսուս հանգիստ կը քնանար։ Վերջապէս կը դիմեն իրենց Վարդապետին՝ ըսելով. «Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք» Յիսուս ոտքի կնելլէ, հովին կը սաստէ, ծովուն ալ «հանդարտէ» կնըսէ. եւ կատարեալ հանդարտութիւն կը տիրէ։ Փոթորիկը կը խաղաղի։
Ծովը ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ աշխարհն ու կեանքը իրենց բոլոր երեսակներով։ Ան երբեմն հանդարտ է, երբեմն ալեկոծ, երբեմն ալ փոթորկալից։ Իսկ նաւը կը խորհրդանշէ եկեղեցին, որուն մէջ կը գտնուին Տիրոջ անունով հաւաքուածներ։ Իսկ կեանքի բոլոր պարագաներուն նաւուն նաւապետն է Քրիստոս, որ միշտ մեզի հետ է, նոյնիսկ այն պահերուն երբ անճրկած կը մնանք։
Բնութեան մէջ պատահած փոթորիկներ, աղէտներ յաճախ պատճառ կը դառնան որ երկվայրկեանի մէջ հազարաւոր անձեր իրենց կեանքերը կորսնցնեն։ Իսկ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ կրնան պատահիլ բարոյական փոթորիկներ, որոնք կը սպառնան մեր խաղաղ կեցութեան։ Այդ փոթորիկները երբեմն կրնան յառաջանալ կեանքի դժբախտ երեւոյթներով՝ հիւանդութեան, ձախորդութեան, տնտեսական վերիվայրումներու, երբեմն ալ մեր գործած մեղքերուն, սխալներուն պատճառներով։
Մարդկային տկարութեամբ երբեմն փոխան կարեւորներու մասին մտածելու, կը մտածենք անկարեւորներու մասին։ Երբեմն այն աստիճան կարեւորութիւն կնընծայենք չնչին արժէքներու, որ կրնանք անտեսել նոյնիսկ մեզի համար էականը, կենսականը եւ ամենակարեւորը. Աստուծոյ Խօսքը։ Աստուած մեր Արարիչն է։ Երկնաւոր նայրն է գթած։
Եկեղեցւոյ նաւուն մէջ հաւաքուածներ, որպէսզի կարենան փոթորիկներու դէմ ամուր կենալ պէտք ունին իրենց սրտերուն մէջ կեդրոնական տեղը յատկացնելու Աստուծոյ Խօսքին։ Սակայն մարդիկ ինքնաբերաբար չէ որ պիտի կատարեն այդ։ Այդ ուղղութեամբ պէտք է դաստիարակուած ըլլան իրենց ծնողներէն, ուսուցիչներէն եւ նոյնինքն եկեղեցիէն։ Ընտանիք-վարժարան-եկեղեցի կը կազմեն ամբողջութիւն մը եւ կը լրացնեն զիրար։ Այս ամբողջութեան մէջ որեւէ կաղացում պատճառ կ՛ըլլայ, որ բարոյական մեր կապերը թուլնան։ Եւ այդ վիճակին մէջ է, որ կը մոռնանք Քրիստոսի դիմել խաղաղութեան խնդրանքով։ Եւ կամ բոլորովին կը մոռնանք, թէ «ընդ մեզ է Աստուած» եւ կը մոռնանք, թէ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակիլ». նաեւ կը մոռնանք, թէ «ով որ Աստուծոյ կնապաւինի ամօթով պիտի չմնայ»։
Սիրենք զԱստուած մեր ամբողջ էութեամբ։ Մեր կապը միշտ թարմացնենք Իր Խօսքը կարդալով եւ լսելով, Իր Միածին Որդւոյն՝ Քրիստոսի պատուական Մարմնին եւ Արեան հաղորդութեամբ։
Սիրելիներ,
Եկէք վստահ ըլլանք եւ գիտակցինք,թէ մեր կեանքը վտանգող փոթորիկներէն փրկող նաւ մը ունինք, մեր Փրկիչը այդ նաւուն մէջ ներկայ է եւ միշտ պատրաստ մեզի օգնելու։ նաւատքով դիմենք Իրեն ու հրաւիրենք զԱյն որ մեզ ազատէ վտանգներէն ու փոթորիկներէն, եւ արժանացնէ յաւիտենական կեանքի բարիքներուն։
Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան
|