|
ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉ
§Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ,
եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան,
երբ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ
երկինքի ամպերուն վրայ բազմած՝
զօրութեամբ եւ մեծ փառքով¦
(Մատթ. ԻԴ.30)։
Այսօր Վարագայ Սուրբ Խաչի յիշատակը կը տօնենք։ Անգամ մը եւս կը յիշենք մեր բոլորին հոգեւոր փրկութիւնը ապահովելու համար Տէր Յիսուսին մատուցած Աստուածային զոհաբերութիւնը, խաչին վրայ Իր մահը, մեռելներէն հրաշափառապէս յարութիւնը եւ դեռ կատարուելիք Անոր փառաւոր երկրորդ գալուստը։
Մեր փրկութիւնը կապ ունի մի միայն Քրիստոսին հետ։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. §Եթէ քու բերանովդ Տէր խոստովանիս Յիսուսը եւ քու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած մեռելներէն յարութիւն տուաւ Անոր՝ պիտի փրկուիս¦ (Հռովմ. Ժ.9)։ Կարգ մը մարդիկ հաւատացեալներու տկարութիւնները կամ առհասարակ սխալներն ու մեղքերը պատրուակ կը գործածեն մերժելու Աւետարանին փրկութեան այս սքանչելի հրաւէրը։ Սակայն, անոնք չեն կրնար ո՛չ մէկ մեղադրանք դնել Յիսուսի վրայ։ Տէր Յիսուս առանց մեղքի է եւ կատարեալ՝ ամէն ձեւով։ Պիղատոս վկայեց Անոր մասին ըսելով. §ո՛չ մէկ յանցանք գտայ այս մարդուն վրայ¦ (Ղուկ. ԻԳ.14)։ Յիսուս ըրաւ այն՝ որ ո՛չ մէկը կրնար ընել։ Ան սիրով կրեց խաչի մահուան տառապանքը, որպէսզի փրկութիւն ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Անոր ու կը խոստովանին զԱյն որպէս իրենց անձնական Փրկիչն ու Տէրը։ Առաքեալը այս նոյն հաւատքով ներշնչուած կը վկայէ §Ով որ Տիրոջ անունը կանչէ, պիտի փրկուի¦ (Հռովմ. Ժ.13) եւ ինչպէս այսօր ուշադրութեամբ ունկնդրեցինք §գալով ինծի, քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ մեղքի աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ այդ աշխարհին համար¦ (Գաղատ. Զ.14)։ Աստուծոյ առջեւ չկան իրենք զիրենք փրկած մարդեր։ Պօղոս Առաքեալ կը զգուշացնէ այսօրուան Քրիստոնեան՝ ըսելով թէ ամբարտաւանութիւնն ու ինքնագովութիւնը վտանգաւոր էին մարդուն համար, եւ թէ այդ զոյգ հիւանդութիւնները տեղ չունէին Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Քրիստոնեան կրնայ ու պէտք է պարծենայ միա՛յն Քրիստոսով՝ որ եկած է փրկելու եւ կեանք տալու բովանդակ մարդկութեան։
Մեր լոյս հաւատքին առանցքը՝ Խաչն է, ոչ թէ նշուլազարդ ադամանդակուռ եւ պսպղուն ոսկեայ խաչը, այլ փայտեայ պարզ ու համեստ խաչ մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ տեսնել մեր Փրկիչը՝ Աստուածորդին, որ Իր կեանքը տուաւ մեզ փրկելու մեր մեղքերէն։ Խաչ մը՝ որ զոհողութիւն կը խորհրդանշէ, ու վերջապէս Խաչ մը՝ որուն վրայ կարելի ըլլայ տեսնել այն անզուգական սէրը որ յաւիտենական կեանք պարգեւեց մեզի՝ հաւատացեալներուս։
Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր ու եղբայրներ,
Թող այսօր մեզի՝ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ Վարագայ Խաչի այս տօնին, որ յիշատակի պանծացումն է եօթներորդ դարուն, Վարագ լերան վրայ տեղի ունեցած Սուրբ Խաչի լուսաշող յայտնութեան, այդ նոյն Խաչը, անգամ մը եւս շողայ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ ու ատով զօրացած վերագտնենք մեր հաւատքի գոհարները։ Թող այս սուրբ տօնին՝ Պօղոս Առաքեալի նման, որ գիտցաւ ուրանալ իր անձը ու առնելով իր խաչը հետեւեցաւ իր Փրկչին, մենք եւս առնենք մեր խաչերը ու հետեւինք հեթանոսաց Առաքեալ Պօղոսին՝ ու անոր հետ միասին ըսենք անգամ մը եւս §քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ¦ (Գաղատ. Զ.14)։ Ամէն։
Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան
|