ՔԱՐՈԶ
(9 Նոյեմբեր 2008)
§Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ
աղջիկդ պիտի ապրի¦
(Ղուկաս Ը.50)
Մարդ արարարածը, իր ունեցած բոլոր այն Աստուածային շնորհքներուն առընթեր տխուր ու ողորմելի բան մըն ալ ունի իր վրայ։ Մենք հակառակ մեր ամբողջ գիտութեան, զարգացումին եւ յոխորտալու բազմաթիւ պատճառներուն, խոցելի շատ կէտեր ունինք մեր կեանքերէն ներս։ Ապագայի անորոշութիւններուն վախը, մտահոգութիւններ՝ առհասարակ մեր սիրելիները կորսնցնելու, եւ մանաւանդ տարիքի յառաջացումն ու մեռնելու վախը։ Այս բոլորը կ՚անդամալուծեն մեր ուժերն ու կը պղտորեն մեր միտքերու ու աւելին՝ մեր հոգեւոր աչքերու տեսողութեան հորիզոնները։
Յուզումնալից տարիներու եւ իսկապէս տագնապալից շրջանի մը մէջ է որ կ՚ապրինք ներկայիս։ Աշխարհի ամէն կողմ գործերու տագնապը, կեանքի կռիւը՝ իր վերին եւ բարձրագոյն աստիճանին հասած, կը ճնշէ մարդկային հոգիները։ Ամէն տուն իր ցաւերն ունի, իր յատուկ տառապանքը, ընտանեկան վիշտ մը եւ կամ մահամերձ հիւանդ մը ինչպէս օրինակ այսօր յիշատակուած ժողովարանի պետ Յայրոսին շուրջ տասերկու տարեկան մահամերձ աղջիկը։
Սակայն Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ։ Ան կը տեսնէ բեկանուած սիրտերն ու վիրաւոր հոգիները։ Ան շատ լաւ կը ճանչնայ մեր բոլոր տկարութիւններն ու դժուարութիւնները։ Ան գթառատ է ու կու լայ մարդկութեան համար։ Աստուած անպայմանօրէն կ՚ուզէ տեսնել Իր ստեղծած մարդը զօրաւոր եւ հաւատքով կանգնած իր ոտքերուն վրայ։ Այդ իսկ նպատակով, Ան իր Միածին Որդին ղրկեց՝ որպէսզի մարդկութեան փոխանցէր Իր սիրոյ եւ գթասիրտութեան պատգամը։ Աստուածորդին իր երկրային կեանքի ընթացքին դարձաւ Աստուծոյ սիրոյն կենդանի օրինակը։ Այո, Տէր Յիսուս եղաւ աղքատին ու անկարին հետ, օգնեց տառապեալներուն, բժշկեց բազմաթիւ հոգեկան ու մարմնական հիւանդներ, մեռելներուն յարութիւն տուաւ, մեղաւորներուն ու մաքսաւորներուն սեղանակից դարձաւ։
Օրուայ Աւետերենին մէջ այսօր կը կարդանք թէ Յիսուս երբ դեռ հիւանդ աղջկայ հօրը հետ կը խօսէր, անոր տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ Յայրոսի. §Աղջիկդ մեռաւ, յոգնութիւն մի՛ պատճառեր վարդապետին¦ (Ղուկ. Ը.49)։ Իսկ Յիսուս երբ լսեց՝ պատասխանեց Յայրոսին ըսելով.§Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի¦ (Ղուկաս Ը.50)։ Յայրոս որոշեց հաւատալ ու վստահիլ Յիսուսին։ Տէր Յիսուս մտաւ անոր տունը, բռնեց մեռած աղջկան ձեռքը ու ըսաւ. §Ելի՛ր, կանգնէ՛, ո՛վ մանուկ¦ (Ղուկաս Ը.55) ու մանուկը անմիջապէս ոտքի կանգնեցաւ։
Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
Քրիստոնեաներս պէտք է քաջութիւնը ունենանք եւ մեր հոգեւոր աչքերը սեւեռենք աշխարհի բոլոր պատրանքներէն անդին, մարդկային այլազան տառապանքներէն վեր, դէպի Յիսուս Քրիստոս, դէպի Անոր կենդանարար բարութիւնը։ Այսպէս միայն հաւատքը կրնայ ամրապնդուիլ մեր մէջ, յոյսը կը ճառագայթէ աւելի լուսալիր, աւելի նշուլագեղ մեզի համար։
Ներկայի անձկութիւնները, մտահոգութիւնները, հիւանդութիւնները ու դժուարութիւնները կրնան տագնապեցնել մեզ, կրնան գողնալ մեզմէ մեր ուժն ու կորովը, բայց մենք Տէր Յիսուսին միայն պիտի յուսանք եւ Անոր միայն պիտի սպասենք։ Օր մը Քրիստոսի լուսաւոր թագաւորութեան մէջ պիտի պայծառանանք մեր հաւատքին լոյսովը։
Աստուած Իր անզուգական բարեկամը, Իր Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ չի կորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։
Ուստի, եկէք խոնարհինք, ծնրադրենք եւ երկրպագենք այս §յաւիտենական բարեկամին¦ առջեւ, որ անվերջ սիրով սիրեց մեզ ու Իր անգին արիւնը թափեց մեզի համար, որպէսզի մեզ փրկէ մահէն եւ Իր փառքին արժանացնէ։ Ամէն։
Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան
|