ՔԱՐՈԶ
(14 Դեկտեմբեր 2008)
Բարոյական բոլոր կանոններն ու ուսուցումները կը ձգտին մարդկային յարաբերութիւնները սիրոյ հիման վրայ հիմնաւորելու։ Սա նախապայմանն է խաղաղութեան։
Սէր չունեցող անհատի մը վերաբերմունքը, թէ իր անձին եւ թէ ուրիշներուն վնաս կը պատճառէ։
Գայթակղութեան մասին Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. §Անկարելի է որ գայթակղութիւն չի գայ, բայց վայ անոր, որուն ձեռքով կու գայ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլար եթէ վիզէն երկանաքար մը կախուէր եւ ան ծովը նետուէր¦ (Ղուկաս 17.2)։
Տէրը կը պատժէ այն անհատը, որ գայթակղութեան պատճառ կը դառնայ։ Այս պատճառաւ ալ Տէրը մեզ կը զգուշացնէ, որ ուշադիր ըլլանք մեր ապրելակերպին։
Միայն եկեղեցի երթալ, աղօթել, Ս. Հաղորդութիւն ստանալ, Աստուծոյ Խօսքը լսել բաւարար չեն հաւատացեալի մը համար։ Այս բոլորին առընթեր պէտք է, որ Աստուծոյ Խօսքը կեանքի վերածուի եւ հաւատացեալը իր պատկանած ընկարութեան շրջանակին մէջ ունենայ օրինակելի կեանք մը։
Եթէ սխալ ճամբու մէջ քալենք, ուրիշերու գայթակղութեան պատճառ կը դառնանք եւ այս պատճառաւ ալ մեր պատիժը աւելի կը ծանրանայ։
Երբ փորձութեան մատուինք, պէտք չէ որ սխալ կեցուածք որդեգրենք, այլ պէտք է դիմադրենք չարին։
Եթէ սխալ կեցուածք որդեգրելէ հեռու մնալու համար պայքարինք, այն ատեն Աստուծոյ զօրութիւնը կը հասնի մեր վրայ եւ կը պարգեւէ անհրաժեշտ զօրութիւնը դժուարութեանց դէմ պայքարելու։
Աստուած կարեւորութիւն կ՚ընծայէ մեր վերաբերմունքին։ Լաւ է մեր հաւատքի սկզբունքներուն մասին մտածել։ Սակայն անոր չափ կարեւոր է ուշադիր ըլլալ մեր կեանքին եւ մեր ունեցած վերաբերմւոնքին, հանդէպ մեր պատկանած ընկերութեան։
Մարդիկ իրենց փորձութիւններուն մէջ միշտ ուրիշները կամ իրենց պատկանած ընկերութիւնը յանցաւոր կը նկատեն եւ զանոնք կը ներկայացնեն որպէս արգելքներ եւ հակառակորդներ օրինակելի վարմունքի ընդգրկման դէմ։ Սակայն իսկութեան մէջ մեր որդեգրած սխալ կեցուածքներն ու վարմունքներն են մեր բուն թշնամիներն ու արգելքները։
Գործուած սխալներէն ուրիշները պատասխանատու նկատելու կեցուածք մը որդեգրելու եւ անոր վրայ պնդելու եւ յամառելու պարագային, մեր կեանքը անտանելի կը դառնայ։ Եւ բնականաբար ալ կարելի չըլլար սրբագրել մեր գործած այն սխալները, որոնք թէ մեր անձին եւ թէ ուրիշներուն համար գայթակղութեան քար կը հանդիսանան։
Եթէ այսօր չենք յաջողած հասնիլ այն մակարդակին, ուր պէտք էր հասած ըլլայինք, այդ մէկը ոչ թէ մեր ապրած շրջապատին թերութիւններուն կամ սխալին, այլ մեր սխալներուն հետեւանքն է. մանաւանդ մեր ընտրած սխալ եւ անընդունելի ապրելակերպին։
Որդեգրուած սխալ վարմունքներու եւ կեցուածքներու միջեւ ամենէն վնասակարն է ուրիշներու սխալը չներել։ Այս ներման քաղցրութենէն մեզ զրկողը մեր անհաւատութիւնը չէ, այլ՝ հաւատքի անբաւարարութիւնը։
Հաւատքի զօրութեան ակը, սէրն է։ Առաքեալներուն համար դժուար եղած էր ընդունիլ ներողամտութեան ոգին եւ այդպէս վերաբերուիլ։ Այսօր մենք ալ նոյնպէս կը դժուարանանք։ կեդրոնական հաւատքը ուրիշներուն յանցանքները ներելու ոգին է։ Առաքեալները երբ որ այս նիւթին շուրջ իրենց հաւատքը անբաւարար տեսան, ուզեցին որպէսզի Տէրը իրենց հաւատքը զօրացնէ։ Որովհետեւ իրենց սրտերուն մէջ ներողամտութեան ոգին պակաս էր։
Հաւատքը, որուն կեդրնական տեղը կը բազմի սէրը, կու տայ այն սքանչելի կեանքի օրինակը, որով մարդիկ կրնան իրարու սխալներուն նկատմամբ ներողամիտ գտնուիլ։
Այսօր մենք ալ ունինք նոյն թերութիւնը։ Եւ այդ պատճառաւ ալ պէտք է առաքեալներուն խօսքերով աղօթենք, որպէսզի մեր հաւատքը զօրանայ, որպէսզի կարողութիւնն ունենաք մեր ունեցած հաւատքը շահագործելու։Այն ատեն պիտի տեսնենք, որ մեր դիմաց գտնուող բոլոր արգելքները եւ գայթակղութեան պատճառ եղող լեռները պիտի տեղափոխուին ու ծով պիտի նետուին։ Պէտք չէ մոռնալ. եթէ զուրկ ենք ներաղամտութեան ոգիէն, զուրկ ենք նաեւ սիրոյ ներգործող զօրութենէն։
ԶԱՒԷՆ ՔՀՆՅ. ՊՉԱՔՃԵԱՆ
|