Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(21 Դեկտեմբեր 2008)

 

§Աստուած, ներէ մեղաւորիս մեղքերը¦

(Ղուկաս ԺԸ.13)

 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երեք տարիներու վարդապետութեան շրջանին, Իր քարոզութեանց գլխաւոր երկու նիւթերը ըրաւ Ապաշխարութիւնը եւ Ներումը։ Երկու սքանչելի բառեր, որոնցմով եթէ անձ մը վերանորոգուած ըլլայ, կրնայ բանալ Աստուծոյ Արքայութեան դռները, քանի որ զղջումը ու Տիրոջ հետ հաշտութիւնը, իրար ամբողջացնող երկու գաղափարներ են։

 

Քրիստոսի քարոզած նոյն այդ երկու բառերն էին, որոնք եկան մեր Տիրոջ օրհնաբեր մարդեղութեան հետ Աստուածային շունչով մը կերպարանափոխելու աշխարհը, ազնուացնելու մարդկային բթացած զգացումները, ստեղծելու նոր բարոյական մը եւ անսահման սիրով հնչեցնելու մարդոց եղբայրութեան եւ հաւասարութեան աւետիսը։ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին յաւիտենական եւ չհինցող պատգամն էր թէ քէնի ու ոխի սերմերը չէին կրնար արմատ նետել Աստուծոյ պարտէզին՝ աշխարհի մէջ, եւ թէ բոլոր մարդիկ նոյն ծագումը ունէին եւ բոլորն ալ զաւակներն էին Երկնաւոր Հօր։

 

Զղջալ ու Աստուծոյ ներումին արժանանալ։ Սիրելիներ, արդեօք մենք լիովին կ՚ըմբռնե՞նք ներելու ու ներուած ըլլալու ամբողջական իմաստը։ Մարդիկ, նման լուսնին, ունին իրենց մութ մէկ կողմը, զոր ուրիշին ցոյց չեն տար։ Սակայն բարեբախտաբար Հայր Աստուած կը տեսնէ ա՛յն ինչ որ ուրիշները չեն տեսներ կամ չեն կրնար տեսնել։ Ան մեզ պիտի ընդունի այնպէս՝ ինչպէս որ ենք եւ մեր բոլոր յանցանքներն ու մեղքերը պիտի լուայ ու մաքրէ Իր շնորհներու աւազանին մէջ։

 

Այսօր առակով մը Աստուածորդին կու տայ պատմութիւնը Փարիսեցիին ու Մաքսաւորին։ Առաջինը՝ կը ներկայացնէր Հրեայ ժողովուրդի ընտրեալ դասակարգին բարձրագոյն խաւը, անհատներ՝ որոնք իրենց անձին մէջ խտացուցած էին իրենց կրօնական ու ազգային բոլոր առաքինութիւններն ու ձգտումները։ Փարիսեցիները իրենց կրօնական պարտականութիւնները այնքա՜ն լուրջի առած էին, որ նոյնիսկ անցած էին պահանջքներու սահմանումներէն անդին, քանի որ անոնք շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը բռնէին, տասանորդ կու տային, բարձր դիրքի ու պատիւի արժանի էին եւ հետեւաբար կը յաւակնէին թէ իրենք ուրիշներէ աւելի լաւ ու կարեւոր անձեր էին։ Իսկ առակին երկրորդ հերոսը՝ Մաքսաւոր մըն էր։ Անոնք ժողովուրդի աչքին զզուելի էակներ էին, որոնք իրենց ազգակիցներու արիւնը կը քամէին։ Առակին Մաքսաւորը, կանգնած տաճարին մէկ մութ անկիւնը, առանց նոյնիսկ համարձակելու աչքերը երկինք բարձրացնելու, կու լար կուրծքը ծեծելով, որովհետեւ ինք լաւ գիտէր թէ ինքը ազնիւ չէր, մեղաւոր մըն էր, եւ թէ ինք իրաւունք անգամ չունէր Աստուծոյ ներողամտութիւնը հայցելու, ատոր համար ալ երբ կ՚աղօթէր, մէկ բան մը միայն կը կրկնէր §Աստուած, ներէ մեղաւորիս մեղքերը¦ (Ղուկաս ԺԸ.13)։

 

Քրիստոս, Փարիսեցիի օրինակով կը պախարակէ մարդ արարածին մէջ գտնուող այն խոտելի եւ յոռի սովորութիւնը որով ան միշտ կը միտէր ինքնագովութեան։ Այո, մենք բոլորս մեղաւորներ ենք, ինչպէս Յովհաննէս Աւետարանիչ կ՚ըսէ. §Եթէ ըսենք՝ մենք բնաւ մեղք չունինք, մենք զմեզ խաբած կ՚ըլլանք, եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը՝ հաւատարիմ է Ան եւ արդար, ներելու մեզի մեր մեղքերը եւ մաքրելու մեզ ամէն անարդարութենէ¦ (Ա. Յովհ. Ա.8,9)։

 

Երբ մեր Տէրը աւարտեց այս առակը, հաւանաբար ներկաներէն ոմանք հարց տուին իրենք իրենց թէ իսկապէս Մաքսաւորը արժանի՞ է ներման։ Անկասկած՝ այո՛։ Երբ կ՚անդրադառնանք թէ լսուած է մեր զղջումը եւ ներուած են մեր մեղքերը, այդ այլեւս կու գայ ձերբազատելու մեզ մեղքին կաշկանդումէն, եւ առիթ կու տայ որ մենք եւս մեր կարգին ի վիճակի ըլլանք ներելու ուրիշներու։

 

Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ,

Եկէ՛ք աղօթենք սրտանց, որ Հայր Աստուած օժտէ մեր մէջ Մաքսաւորին աղօթելու համեստ եւ խոնարհ ոգին, որովհետեւ Աստուած անտես չառնէր խոնարհ եւ մաքուր նման հոգիները։ Հետեւաբար բանանք ականջները մեր հոգիներուն՝ լսելու համար երկնային կոչը, որ մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարելու, ներուելու, ներելու եւ դառնալու վերջապէս որդիները Լոյսի ու Սիրոյ։ Ամէն։

 

Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr