Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(1 Փետրուար 2009)

 

§Ես եմ, մի՛ վախնաք¦

(Յովհ. Զ.20)

 

Աշխարհի ներկայ կացութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, հասկնալի է թէ բոլորս ալ դէմ առ դէմ կանգնած ենք բարձունքներու, զորս կը կասկածինք թէ պիտի կրնանք մագլցիլ ու յաղթահարել։ Եթէ մէկ կողմէն եկած նոր տարին անպայմանօրէն մեզի չի խոստանար հանդարտ, խաղաղ ու լաւ տարի մը ըլլալ, միւս կողմէն ալ սակայն ամէն հաւանակութիւն կը ներշնչէ ըլլալու աւելի լաւ տարի մը, որովհետեւ մեզի կը մնայ որոշել թէ մենք ինչպէ՞ս կը նայինք կամ պիտի նայինք դէպքերուն։

 

Մենք կ՚ապրինք անորոշութեամբ եւ յուսախաբութիւններով շեշտուած ցաւագին ժամանակներ։ Մէկ կողմէն ազգեր կը խօսին համաշխարհային խաղաղութեան եւ հիւլէական ապազինման մասին, միւս կողմէն բայց անոնք կը շարունակեն սպառազինուիլ եւ կը ծրագրեն հնարել ու կը ձեռնարկեն կառուցել նոր եւ աւելի զօրաւոր քանդիչ զէնքեր։ Թերեւս մեր այս ժամանակներու մարդը գիտականօրէն եւ ուսումով աւելի հասունցած է ու հարստացած, սակայն միւս կողմէն մենք այսօր ունինք հոգիով ու բարոյականով արժէքազրկուած, ինքզինք անկումէ անկում առաջնորդող նիւթապաշտ եւ եսասէր սերունդ մը։ Սիրելիներ, այսօր շատերու համար կրօնքը դարձած է հնամաշ վերարկու մը, որուն կը նային քամահրանքով, որովհետեւ անոնք կրօնքը ու հաւատքը փոխարինած են համակարգիչներու գիտութեամբ եւ այլ աշխարհիկ սնոտի զբաղմունքներով։

 

Այսուամենայնիւ, Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքը եւ մեր հայրերուն վկայութիւնը մեզի կը թելադրեն որ մենք հակառակ քաղաքական, տնտեսական ու բարոյական անյարիր պայմաններուն, տակաւին բաւարար պատճառ ու երաշխիք ունինք հաւատալու թէ նոր բացուած տարին կրնայ յաջող տարի մը ըլլալ մեզի համար։ Մենք կրնանք յաջող ըլլալ եւ կրնանք երջանիկ ըլլալ եթէ գիտենք թէ ո՞վ ենք, ինչո՞ւ կը գտնուինք այս երկրագունտին վրայ եւ ամենակարեւորը՝ դէպի ո՞ւր կը դիմենք։ Ո՛չ փիլիսոփայութիւնը եւ ո՛չ ալ գիտութիւնը յաջողած են տալ յստակ ու համոզիչ պատասխան մը այս հարցումներուն։

 

Սիրելի Քոյրեր ու Եղբայրներ,

Այսօրուայ Աւետարանը կը պատմէ թէ Տիրոջ աշակերտները ծովեզերք իջան եւ նաւակ նստելով սկսան երթալ ծովուն դիմացի կողմը դէպի Կափառնաում։ Բայց ծովը զօրաւոր հովին պատճառով կ՚ալեկոծէր։ Առաքեալները կը վախնային ու չէին կրնար ազատիլ այդ իրավիճակէն։ Յիսուս ծովուն վրայէն քալելով օգնութեան հասաւ, նաւակին մօտենալով ձայնեց. §Ես եմ, մի՛ վախնաք¦ (Յովհ. Զ.20)։

 

Այո, Փորձութեան ենթարկուելու հակամէտութիւնը միշտ անբաժան եղած է մարդ արարածին մէջէն, այդ պայքարը անվերջ կերպով կը շարունակուի մեր բոլորին մէջ այլ եւ այլ ձեւերով։ Սակայն Քրիստոս, այսօր Իր այս խօսքով կը սորվեցնէ թէ այդ կռիւը ուրիշը չի կրնար մղել մեզի համար, մե՛նք է որ պիտի տանինք մեր կեանքի այդ դաժան պայքարը, որ անկասկած պիտի յանգի մեր հոգեւոր յաղթանակով, եթէ միայն գիտնանք մեր յոյսը դնել Տէր Յիսուսի ու Անոր յոյս պարգեւող խօսքին վրայ։

 

Ու վերջապէս, մենք մեր տկարութիւններն, փորձութիւններն ու թերութիւնները կրնանք իսկական զօրութեան, ոյժի վերածել՝ եթէ միայն յիշենք թէ մենք կախեալ ենք Բարձրեալ Աստուծոյ ամենակարող կամքէն։

 

Փրկութեան եւ ազատութեան միա՛կ եւ իրա՛ւ ճամբան Յիսուս Քրիստոսն է։ Տէր Յիսուսին խօսքը մեր սրտերէն ներս առնելով է որ պիտի արժանանանք յաղթանակի ու մեր հոգիներու խաղաղութեան։

 

Իւրաքանչիւր նորաբաց օր, շաբաթ, ամիս ու տարի զարկ մըն է տրուած մեր սրտերուն, լսելով գնահատելու ըստ արժանւոյն մեզի տրուած խոստումներն, շնորհներն ու օգնութիւնները։ Մենք պարտինք լսել այդ զարկը, այդ խօսքը եւ բանալ դուռը, որպէսզի սիրոյ ու խաղաղութեան Իշխանը Յիսուս գայ մեր նաւակին մէջ Իր փառքով եւ փառաւորէ մեզ Իր Աստուածային սիրով, ամէն։

 

Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr