Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

 

§Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք¦

(Շարական)

§Շնորհէ, որ ամէն ատեն քեզի ներկայանանք մաքուր աղօթքով¦

 

Ահաւասիկ, մարդկային հոգւոյն խորերէն բղխող անկեղծ արտայայտութիւն մը, որ մարմին կը գտնէ շարականի աղօթանուէր տողերուն մէջ։ Տիրոջ ներկայութեան մնալու խնդրանք կայ այդ տողերուն մէջ։ Խոր գիտակցութիւն կը բուրեն այդ տողերը, թէ մարդ կարիքն ունի իր արարչին հետ միասին ըլլալու՝ գիտակցելով, թէ Տիրոջ բացակայութիւնը կը նշանակէ երջանկութեան կորուստ։

 

Երբ արագընթաց քայլերով կը մօտենանք Մեծ Պահոց վերջին շաբթուան, որքան աւելի կը գիտակցինք Աստուծոյ հետ միանալու գաղափարին։ Բուն Բարեկենդանի կիրակիէն սկսեալ միշտ ի մտի ունեցանք երջանիկ ու ապա իր երջանկութիւնը կորսնցուցած մարդը։ Յաճախ խոկացինք ու խօսեցանք անոր մասին։ Փորձեցինք նաեւ որոնել առիթներ, որպէսզի վերահաստատենք մեր անկեալ հոգեվիճակը ու բարեկամանանք Աստուծոյ հետ։

 

Այդ յարաբերութեան ձեւն է, որ այսօր կը սորվեցնէ Քրիստոս մեզի՝ աղօթել։ Այո՛, աղօթքի անհրաժեշտութեան մասին կը խօսի այսօր Ան։ Տէրը մեզի կու գայ սորվեցնելու, թէ առանց աղօթքի կարելի չէ կապ հաստատել Աստուծոյ հետ։ Մեր հաւատքէն բղխած ու անոր ծուծը կազմող երեւոյթ է աղօթքը՝ անդրանցնող մարդը ու անքակտելի կապ ստեղծող իր արարչին հետ։

 

Այս Կիրակին եւս իր անունը կ՚առնէ օրուան Աւետարանական դրուագէն։ Քրիստոս այսօր մեզի կը խօսի Դատաւորի մը մասին, որ §ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ Աստուծմէ կ՚ամչնար¦ եւ անիրաւութիւն գործելով երկար ժամանակ կը մերժէր իրեն դիմող այրի կնոջ դատը տեսնել։ Սակայն, օր մըն ալ այլեւս ձանձրանալով, ընթացք տուաւ անոր խնդրանքին ու տեսաւ դատը։

 

Քրիստոսի խօսած առակներուն մէջ սխալ ըմռնելու պատրաստ թերահաւատներուն համար այս առակն ալ անհասկնալի է Տնտեսի առակին նման։ Սխալ մօտեցում կ՚ունենանք, երբ այս առակին Դատաւորն ու զԱստուած կը նոյնացնենք։ Մինչդեռ, ճիշդ հակապատկերն է, որ այստեղ կը գտնենք եւ արդէն Քրիստոս այդ մէկը կը շեշտէ իր խօսքերուն եզրափակումին։ Այդ Անիրաւ Դատաւորն իսկ ընթացք տուաւ Այրի Կնոջ խնդրանքին եւ Աստուած, որ Հայրն է՝ Գթած, Ստեղծիչն է՝ Ամենաբարի եւ Տուիչն է՝ Ամենառատ, ամենեւին չի՛ նմանիր այդ Անիրաւ Դատաւորին ու միշտ պատրաստ է ընթացք տալու այն ամէնուն, որոնք միշտ կը դիմեն Իրեն մաքուր հոգւով ու անկեղծ սրտով։

 

Աստուծոյ դիմելը աղօթելն է եւ միասնաբար խորհրդածենք, թէ ինչպէս պէտք է աղօթենք։

 

ա. Աղօթել Տիրոջ սորվեցուցած ձեւով։ Մեծ Պահքի մեր մուտքէն առաջ տակաւին Քրիստոս մեզի սորվեցուց §Տէրունական Աղօթքը¦, իբրեւ անգերազանցելի խտացում մեր երկխօսութեան։ Այսօր ալ կը յիշեցնէ Փարիսեցիին ու Մաքսաւորին աղօթելու օրինակին ճամբով։ Տէրը կը հրաւիրէ մեզ առանց մտահոգութեան ու գոհ սրտով աղօթելու, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ՝ §Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք¦ (Փիլ. 4.6)։

 

բ. Աղօթել անձանձրոյթ։ Առանց ձանձրանալու եւ առանց վհատելու աղօթելու օրինակը կը տեսնենք մենք Այրի Կնոջ տիպարին մէջ։ Միւս կողմէն, պէտք է զանազանել, թէ յարատեւ ու անձանձրոյթ աղօթել շատախօսութիւն չի նշանակեր։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ §Անդադար աղօթեցէք¦ (Ա.Թս. 5.17)։ Քրիստոս, Ինք ամբողջ գիշերը աղօթելու կը տրամադրէր եւ Աստուած դէմ է անբարտաւան եւ ի ցոյց մարդկանց Իրեն ներկայացողներուն՝ ինչպէս Փարիսեցին իր աղօթքի ձեւով դիտուած։

 

գ. Աղօթել գիտակցութեամբ։ Կարեւոր է գիտակցիլ, թէ երբ կ՚աղօթենք, մեր սիրտը մաքուր պէտք է ըլլայ՝ այսինքն մարդոց հետ հաշտուած եւ ատելութենէ հեռացած։ Պէտք է միշտ յիշել, թէ աղօթքը հաւատացեալին ամենակարեւոր սնունդն է ու Տիրոջ հետ հաղորդակցութեան միակ միջոցը։

 

Սակայն ի՞նչ կ՚արժէ միայն աղօթել, երկարապատում աղօթել եւ աղօթել միայն։ Էականը այն է որ մեր աղօթքները ուղղութիւն տան մեր կեանքին, մեր աղօթքները գործի վերածենք. ո՛չ թէ խօսինք միայն, այլ գործե՛նք յարատեւ։ Այսինքն, խօսքը գործի՛ եւ աղօթքը կեանքի՛ վերածենք։

 

Եկէ՛ք, այսօր փորձենք աւելի ջերմ աղօթել, միացնենք մեր աղօթքները եւ միաբերան, միաբանական սիրով ու միաբանական ոգիով, միասնաբար երգենք Տիրոջ մեզի սորվեցուցած աղօթքը։ Եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 

ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr