ՔԱՐՈԶ
(26 Ապրիլ 2009)
§Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի
չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել¦
(Յով. 3.3)
Երբ Զատիկը կը տօնուէր, բազում հրեաներ հաւաքուած էին Երուսաղէմի մէջ։ Անոնցմէ շատեր տեսնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի կատարած մեծ գործերն ու հրաշքները, հաւատացին Անոր։ Սակայն այս երբեք չէր նշանակեր թէ իրենց կեանքերուն մէջ տեղ կու տային Անոր։ Հակառակ իրենց տեսածներուն չէին անդրադառնար Անոր Աստուածային բնութեան եւ Իր գալու նպատակին։ Անոնց սրտերը փակ էր Անոր առջեւ։
Հոգեւոր ճշմարտութեանց անտեղեակ՝ կը թափառէին նիւթական կեանքի մը ետեւէն։ Եւ որովհետեւ Յիսուս քաջատեղեակ էր անոնց խորհուրդներուն, բնաւ չէր վստահեր իրենց։
Հրեաներու բարձր ատեանի անդամ Նիկոդեմոս անուն պատուական մարդ մը, գիշեր ժամանակ այցելութեան եկաւ Յիսուսին։ Ան կը հաւատար այն զօրութեան, որ կը գործէր Յիսուսի մէջ, որովհետեւ կը մտածէր թէ, եթէ մէկը չունի Աստուածային զօրութիւն, չի կրնար կատարել այն գործերը զոր Յիսուս կը կատարէր։ Յիսուս առանց վարանելու յայտնեց ճշմարտութիւն մը, որ այսօր եւս շատեր բոլորովին անտեղեակ են, Ան ըսաւ. §Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել¦։
Նիկոդեմոս հակառակ իր բոլոր գիտութեան եւ բարեպաշտութեան ոչինչ հասկցաւ այս նախադասութենէն։ Ցոյց տուաւ թէ բնաւ գաղափար չունէր վերստին ծնունդի մասին։
§Ծերացած մէկը ինչպէ՞ս կրնայ իր մօր արգանդը մտնել եւ ծնիլ¦ հարցուց ան։ Բայց Տէր Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ան թերի էր իր Աստուածգիտութեան մէջ եւ բացատրեց անոր ճշմարտութիւնը։
Ոչ ոք կրնայ զԱստուած ճանչնալ սոսկ իր գիտութեամբ, բարեպաշտութեամբ կամ բարեգործութեամբ։ Այս կարելի է միայն վերստին ծնունդով։
Այս կենսական յայտարարութեան մենք ալ պէտք է հաւատանք, որովհետեւ Աստուած ճանչնալու, Անոր հետ միասին կեանք մը ունենալու եւ նուիրուելու միակ պայմանն է այդ։
Վերստին ծնունդը շնորհք մըն է։ Վերստին ծնունդով Աստուծոյ Սուրբ Հոգին կը սկսի բնակիլ մարդուն մէջ։
Ճշմարտապէս Աստուած ճանչնալ եւ Անոր պատկանիլ սովորական բարեպաշտութենէ աւելին է։ Կրնանք եկեղեցի յաճախել, աղօթել, օգնութիւններ կատարել, սակայն Աստուծմէ հեռու ըլլալ։ Հաւատք ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ եւ §պատկանիլ Աստուծոյ¦ բոլորովին տարբեր գաղափարներ են։
Աստուծոյ միայն մտքով հաւատալ բաւարար չէ, Աստուծոյ պատկանելու գրաւականը Սուրբ Հոգիի բերած նորոգութիւնն ու վերածնունդն է։ Այն Սուրբ կեանքը, որուն կոչուած ենք, կարելի է իրականացնել միայն Անոր զօրութեամբ։ Միայն Անոր միջոցով կրնանք Աստուածահաճոյ ըլլալ։ Ուստի, որպէսզի կարենանք ապրիլ սուրբ կեանքով, հրաժարինք մեր մեղքերէն, ապաշխարենք եւ դառնանք Տէր Յիսուս Քրիստոսին։ Անոր ներումը եւ նոր կեանքը ստանանք։ Անոր նուիրուինք, որպէսզի կարենանք ստանալ երկնային մեր ժառանգութիւնը։
Եկէք միասնաբար երթանք Անոր՝ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Ուրիշ ո՞ւր կրնանք երթալ։ Ինչպէս Պէտրոս կ՚ըսէ. §Որուն երթանք, Դուն յաւիտեանական կեանքի խօսքեր ունիս¦ (Յով. 6.68)։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եկէք եւ ապաշխարեցէք եւ հրաժարեցէք ձեր մեղքերէն։ Ձեր կեանքին նպատակը թող ըլլայ զԱստուած փառաբանել եւ Անոր արժանի որդի մը ըլլալ։ Այս մէկը կարելի է միայն վերստին ծնունդով։ Դուք ալ մասնակցեցէք վերածնածներու ժողովին, երբ դեռ ժամանակ կայ։
ԶԱՒԷՆ ՔՀՆՅ. ՊՉԱՔՃԵԱՆ
|