Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

 

§Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ,

երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝

պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն,

անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար,

իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար¦

(Յովհ. Ե. 29)

 

Յիսուս Շաբաթ օրով անդամալոյծ մը բուժած էր եւ զԱստուած կոչած իր Հայրը, բան մը որ խստակրօն հրեաներուն բնաւ հաճելի չէր թուած։ Անոնք ուզեցին այս դէպքը ու Յիսուսին խօսքերը  օգտագործել իր դէմ ըսելով թէ ան սրբապղծած էր Աստուծոյ սուրբ օրը՝ Շաբաթը, եւ Աստուած իր Հայրը կոչած։ Հրեանէր գայթակղած ասկէ, Յիսուսը կը նկատէին հայհոյիչ մը, որ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կը նկատէր։

 

Սակայն Քրիստոս, շեշտելու համար իսկութիւնը եւ իր առաքելութեան նպատակը, Աւետարանական այսօրուայ ընթերցումին այս հատուածին մէջ յստակ կերպով կ՚ըսէ զինք մտիկ ընող Հրեաներուն թէ ինքն իրմէ ոչ մէկ բան կրնար ընել եթէ Հայր Աստուած չըլլար իր հետ, միշտ կրկնելով իր եւ Աստուծոյ Հայրութեան ու Որդիութեան գաղափարը։ Աստուածորդին հոն եւս կանգ չառնելով ու քայլ մը աւելի առաջ երթալով, կը խօսի այն մեծամեծ գործերուն մասին զորս ինք պիտի կատարէր. §Ինչպէս որ Հայրը յարութիւն կու տայ մեռելներուն եւ կը կենդանացնէ, նոյնպէս եւ Որդին կը կենդանացնէ որուն որ ուզէ¦ (Յովհ. Ե. 21)։

 

Մեր Տիրոջ նկարագրած յարութիւնը, թէ՛ ֆիզիքական մահուան յաջորդող մեռելներէն վերակենդանանալու մասին էր եւ թէ ապաշխարութեան միջոցով Ողորմած Հօր կողմէն մեղքերու ներման ու Աստուածորդի Քրիստոսով եկող կատարեալ արդարացման։ Յիսուս ըսաւ. §Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար¦ (Յովհ. Ե. 29)։ Յիսուս այս խօսքերով կը փորձէր Հրեաներուն հասկցնել թէ մարդիկ պիտի վարձատրուէին նաեւ Աստուծոյ կողմէ իրենց արարքներուն այսինքն կեանքի պտուղներուն համար եւս։ Իրական փրկուածները պիտի ըլլային անոնք միայն՝ որոնք կը հետեւէին ոչ թէ խստակրօնութեան կամ սոսկ մարդկային տրամաբանութեան այլ իր քարոզութիւններուն։ Իսկ իր խօսքերուն չհաւատացողները պիտի ենթարկուէին ահեղ դատաստանին ու կորուստին։

 

Սիրելիներ, որքան ալ այսօր մեզ համար ծանր հնչեն այս խօսքերը, սակայն մարդ արարածը միշտ պէտք է գիտնայ վճարել իր յանցանքներուն, սխալներուն, մեղքերուն, չարիքներուն պարտամուրհակը։ Իսկ ի՞նչպէս։ Քրիստոսի ներկայացուցած Հայրն ու Աստուածը խիստ դատաւոր մը չէ որ ծանր պատիժներ կը սահմանէ մարդուն։ Ընդհակառակը ողորմելու միշտ պատրաստ բարի Հայր մըն է Ան եւ անոնք որոնք գիտցած են հետեւիլ ու պահել իր Որդւոյն պատուիրանները, անպայման պիտի արժանանան յաւիտենական կեանքին։ Ուստի Հայր Աստուծոյ սէրը ու Աստուծորդի Յիսուսին աշխարհ գալը, անոր լուսաւոր պատուիրանները, խաչելութիւնը, մահը ու մեռելներէն հրաշափառապէս յարութիւնը միայն կրնայ վճարել մեզմէ իւրաքանչիւրին սխալներն ու մեղքերը։

 

Երբ մենք զԱստուած ճանչնանք մեր ամբողջ էութեամբ ու կեանքի փորձառութեամբ, խաւարէն կ՚անցնինք յաւիտենական լոյսին, նոր կեանքին։ Մեր Տէրը ըսաւ թէ բոլորս ալ պիտի վարձատրուինք մեր արարքներուն համաձայն, բարին՝ կեանքով, իսկ չամրը՝ դատաստանով։ Ուրեմն լսել ու հոգիով հետեւիլ այս պատուէրին պիտի նշանակէ թափանցել ա՛յն ճշմարտութեան՝ թէ անոնք որոնք Աստուծոյ կը պատկանին ուրիշ կարելիութիւն մը կը սպասէ իրենց։ Թերեւս մեր հոգեւոր վերազարթնումը անմիջապէս կամ շուտով չգայ, քանի անիկա նման է մանուկի մը ծննդեան եւ աճման գործընթացին, որ ժամանակ կը պահանջէ։

 

Եկէ՜ք աղօթենք, որ Հայր Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս տայ այդ ցանկութիւնն ու իմաստութիւնը ճանչնալու զԱստուած ո՚չ թէ միայն մեր միտքերով ու տրամաբանութեամբ, այլ մեր սիրտերուն, հոգիներուն ու միտքերուն ամբողջ զօրութեամբը։ Այո, թող խնդրենք մեր Երկնաւոր Հօրմէն, որպէսզի մեզի տայ հարկ եղած ուժն ու քաջութիւնը աներեր ընթանալու այս կեանքին մէջ, որ ըլլայ բոլորիս համար իսկապէս հոգեւոր ճամբորդութիւն մը, նման մեր սուրբ նախահայրերուն, որոնք միշտ գիտցան քալել Աստուծոյ հետ։

 

Թող այս խոհերով, զգացումներով ու սիրով կրկին անգամ ողջունենք իրար ըսելով. §ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ¦։

 

Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան

 

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr