|
ՔԱՐՈԶ
§Ես դատաստանի համար եկայ
այս աշխարհը,
որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ
տեսնողները կուրանան¦
(Յովհ. 9.39)
Յիսուսի այս խօսքերը կը զարմացնէ շատերը, որովհետեւ այլ առիթներով ըսած էր. §Աստուած իր Որդին աշխարհ չղրկեց որ ան դատէ աշխարհը, այլ որպէսզի աշխարհը անով փրկուի¦ (Յովհ. 3.17), §Ես ոչ ոք կը դատեմ¦ (նոյն, 8.15), §Ես չեկայ որ աշխարհը դատեմ, այլ որպէսզի փրկեմ աշխարհը¦ (նոյն,12.47)։
Առաջին ակնարկով կը մտածենք թէ այս խօսքերուն մէջ հակասութիւն մը կայ։ Արդեօք Տէրը մեզի ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։
Քրիստոս, ոչ թէ աշխարհը դատելու, այլ անոր ողորմելու համար եկաւ։ Աւետիսը քարոզեց։ Մարդիկ, փրկութեան աւետիսի հանդէպ ունեցած դիրքորոշումով երկուքի բաժնուեցան։ Կարճ խօսքով եթէ ըսենք, աստուածային խօսքերն ու պատուիրանները, աստուածային իրականութիւնները սիրելով, աշխարհիկ ցանկութիւններու կառչած մնացողներն ու եսասէրները մերժողներ եւ աստուածային խօսքերն ու պատուիրանները, աստուածային իրականութիւնները մերժելով, աշխարհիկ ցանկութիւններու կառչած մնացողներն ու եսասէրները ընդունողներ միատեղ կ՚ապրին։
Աստուած, մարդ արարածը օժտեց ազատ կամքով եւ խելքով։ Այս ազատ կամքով մարդը այս աշխարհի պայմաններուն համաձայն կրնայ զԱստուած մերժել կամ Աստուծոյ ողորմութեամբ՝ կրնայ զԱյն ընտրել եւ բնականաբար կը շարունակէ ապրիլ իր ընտրած կեանքին համաձայն։ Աստուած Սուրբ Գրոց մէջ ուղիղ ճամբան ցոյց կու տայ, սակայն մարդն է որ իր ճամբան կ՚որոշէ։ Ահա մարդկութեան փրկութեան համար քարոզուած փրկութեան աւետիսի լոյսին տակ սխալն ու ճիշդը կը զանազանուին։
Անոնք, որոնք Տիրոջ խաչի վրայ մատուցած պատարագի փրկարար զօրութեան կը հաւատան, անոնց մեղքերը կը քաւուին։ Անոնք որոնք լոյսը սիրելով, լոյսին կու գան, հրաժարելով իրենց սխալներէն, ուղիղ կեանք մը կ՚ապրին զիրենք փրկող լոյսին տակ եւ զԱստուած կը հաճեցնեն։ Իսկ անոնք որոնք կը մերժեն Տիրոջ իրենց համար ըրած զոհողութիւնը, պնդելով իրենց սխալ ընթացքին վրայ եւ չհրաժարելու համար անկէ, խաւարը լոյսէն աւելի պիտի սիրեն։
Այսպէս՝ մարդիկ իրենց ընտրած ճամբաներու ուղղութեամբ իրենք զիրենք կը գտնեն Անոր աջ կամ ձախ կողմը դասուած։
Քրիստոս, ի ծնէ կոյրի մը աչքերը բացաւ։ Եթէ մենք այս կոյրին նման Անոր հաւատալու յօժարութիւնը, կամքը եւ հնազանդութիւնը ցոյց տանք, մեր ընտրութիւնը մեզ քայլ առ քայլ պիտի առաջնորդէ յստակագոյն լոյսին եւ յաւիտենական կեանքին։ Սակայն եթէ Փարիսեցիներու նման պնդենք չհաւատալու եւ հակառակելու վրայ, պէտք չէ մոռնանք որ մթութեան եւ խաւարին պիտի ենթարկուինք։
Մեր առջեւ ընտրութեան ճամբաները միշտ բաց են։ Ի ծնէ կոյրին նման բժշկուելու եւ յաւիտենական բարութիւնը ստանալու փութանք։ Ան մարմնապէս կոյր էր, Յիսուսին դիմեց, թէ մարմնական եւ թէ հոգեւոր աչքերը բացուեցան։ Աղօթենք, որ մեր տեսնող մարմնական աչքերուն առընթեր բաց մնան նաեւ մեր հոգւոյն աչքերը։ Մեր հաւատքով նորոգուինք եւ մեր հաւատքին մէջ զօրանանք։ Աստուած օրհնէ մեր կեանքը եւ փառաւորենք անունը Ս. Երրորդութեան, որ օրհնեալ է յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան
|