Ք²ðà¼
§Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս¦
(Մատ. 12.41)
Դպիրներն եւ փարիսեցիները Տէր Յիսուսի գրեթէ բոլոր քարոզութիւններուն ներկայ էին։ Անոնք երբ հասկցան որ ժողովուրդը Քրիստոսի կարեւորութիւն կ՚ընծայէր եւ մեծ թիւով մարդիկ Անոր վարդապետութեան կը հետեւէին, միջավայրը խանգարելու համար սկսան պատճառներ փնտռել։ Անոնք ուզեցին բազմամարդ միջավայրերու մէջ հարցումներ ուղղելով Տէր Յիսուսը նեղ դրութեան մատնել։ Այս անգամ յիշեցին այն սովորութիւնը, որ մարդիկ մարգարէներու ձեռքով կատարուած նշաններ տեսնել կ՚ուզէին, վստահ ըլլալու համար անոնց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու ճշմարտութեան։ Նոյնիսկ Հին Ուխտի մէջ մարգարէութեան համար Աստուծմէ կանչուած անձեր, ուզած էին որ իրենց եղած կանչը նշանով մը հաստատուէր։
Այսպէս ուրեմն, ժողովուրդին մէջ սովորութիւն եղած էր մարգարէին վրայով կամ ձեռքով կատարուած նշան մը տեսնել։
Ժողովուրդին մեծ մասը դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն պատճառած կանոնական նեղութիւններէն զզուած, Յիսուսի քով կը գտնէր իր խաղաղութիւնը։ Քրիստոսի քարոզութեան մէջ կը զգար երկնային ճշմարտութեանց զօրութիւնը եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ կը կապուէր Իրեն։ Նաեւ տեսած էր Տէր Յիսուսի բազում հրաշքները եւ վստահած՝ Իրեն։ Հակառակ անոր, որ դպիրներն ու փարիսեցիները եւս վկայ եղած էին Անոր ձեռքով կատարուած հրաշքներուն, տարբեր վարմունք ունէին Անոր նկատմամբ։ Անոնք չէին բաւարարուէր իրենց տեսածներով։ Եւ այդ իսկ պատճառով էր, որ անոնք հրահանգելու ոճով, հրաշքի իրենց ակնկալութեամբ դիմեցին Յիսուսի։ Եւ բնականաբար իրենց այս դիմումը անպատասխանի մնաց։
Յիսուս վճռակամ կերպով պատասխանեց. §Չար եւ շնացող ազգը նշան կ՚ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր¦ (Մատթ. 12.39-40)։
Մարդկային բնութիւնը չփոխուիր. Յիսուսի ժամանակ մարդիկ ինչ որ էին, այսօր ալ նոյնն են։ Մեծամտութիւնը այսօր ալ պատրաստ է մեր կեանքէն ներս աւերներ գործելու։ Տէր Յիսուսի խօսքերը մեր ներկային եւ ապագային համար մեծ կարեւորութիւն ունին։ Ուշադրութեամբ եւ կարեւորութեամբ պէտք է լսենք։ Տէրը պատրաստ է մեր սրտանց աղօթքներն ու մաղթանքները լսելու եւ կատարելու զանոնք Իր բարեսէր կամքին համաձայն. սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ Ան մեր գործաւորը չէ։
Չնմանինք փարիսեցիներուն ու դպիրներուն։ Տէրը աշխարհ իջաւ, որպէսզի մենք երկինք բարձրանանք։ Այս աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, Տիրոջ կապուած մնալով պիտի յաղթենք բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ Իր օգնութեան դիմելով։ Վստահինք Տիրոջ Խօսքին ճշմարտութեան։ Չըլլայ որ Տէրը փորձենք մեր մեծամտութիւնով։ Տէր Յիսուս մեծամիտներուն կ՚ուղղէ Իր Խօսքը, զանոնք §չար եւ շնացող ազգ¦ կոչելով։
Մենք մեր սորվածները, մտածումները եւ մեր ապրելակերպը շարունակ պէտք է վերաքննենք, եթէ Աստուծոյ կամքին ներհակ բան մը գտնենք, պէտք է ուղղենք։ Երբ այս կը կատարենք Տէրը մեզի պիտի ըսէ. §Ապրիս բարի ծառայ եւ հաւատարիմ¦ (Ղու. 19.17)։ Եթէ մենք զմեզ բաւարար գտնենք եւ շարունակենք մեծամտութեամբ ընթանալ, Տէրը մեզի պիտի ըսէ. §Չար ծառայ¦ (նոյն, 22)։ Յիշենք, թէ §պէտք է համբերենք, որպէս զի Աստուծոյ կամքը կատարելով խոստումը վայելենք¦ (Եբր. 10.36)։
Տիրոջ շնորհքը, ողորմութիւնը մեր բոլորին վրայ ըլլայ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Եղիշէ Աբեղայ
|