ՔԱՐՈԶ
(19 Յուլիս 2009)
§Աչքերնին վերցուցին ու
մէկը չտեսան
բայց Յիսուս¦
(Մատթ. ժէ.8)
Այսօր Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն հինգ տաղաւարներէն երրորդը՝ Տէր Յիսուսի Պայծառակերպութեան տաղաւարը կը տօնենք։
Յիսուս իր աշակերտներէն երեքը՝ Պետրոսը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը իր հետ առնելով Թափօր լեռը բարձրացաւ եւ անոնց հետ առանձնացաւ։ Տէր Յիսուս անոնց առջեւ յանկարծ այլակերպեցաւ, իր երեսը արեգակի պէս փայլեցաւ եւ հանդերձները լուսոյ պէս ճերմկցան։ Այս պահուն Մովսէս եւ Եղիա, Օրէնքի եւ Մարգարէութեան երկու ներկայացուցիչները, Յիսուսը այցելելու եկան։ Նոյն պահուն լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ։ Ամպէն ձայն մը լսուեցաւ. §Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիք ըրէք¦ (Մտ. 17.5)։ Աշակերտները այս փայլուն տեսարանին եւ այս երկնային ձայնին ազդեցութեան չկրցան դիմանալ եւ երեսի վրայ ինկան։ Տէր Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ։ §Ելէք, մի՛ վախնաք¦։ Առաքեալները իրենց աչքերը երբ բացին, միայն Յիսուսը տեսան։ Օրէնքի ներկայացուցիչը՝ Մովսէս եւ մարգարէութեանց ներկայացուցիչը՝ Եղիա հոն չէին այլեւս։ Միայն Տէր Յիսուսը առանձինն մնացած էր։
Տէր Յիսուս, Հօր կամքը կատարելու համար երկինքէն երկիր իջաւ իբրեւ §կատարումը օրէնքի եւ մարգարէութեանց¦։ Ան միշտ մեր քովն է։ Մեր աչքերուն առջեւ կը կենայ։ Փրկութեան եւ կատարելութեան հասնելու համար բացի Տէր Յիսուսէն, ուրիշ միջոց չունինք։ Վատ ունակութիւններէ եւ մեղքի կապանքներէն ազատուելու, երկնային խաղաղութեամբ լեցուելու համար պարտինք միայն Իրեն նայիլ ու տեսնել Իր պայծառ ու լուսաւոր դէմքը. §Ուրիշ մէկով փրկութիւն չկայ, ինչու որ անկէ ի զատ ուրիշ անուն մը չկայ, երկինքին տակը մարդոց մէջ տրուած որ անով կարող ըլլանք փրկուիլ¦ (Գործ. 4.12)։
Մեր իբրեւ թէ բարեկամները, ընկերները կրնան հեռանալ մեր քովէն ու մեզ առանձին թողուլ։ Թողունք եըթան. Տէր Յիսուս մեր կողքին է։ Որովհետեւ §իրաւցընէ ան մեր ցաւերը վերցուց, մեր վիշտերը իր վրան առաւ, մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ, եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք¦ (Եսայ. 53.5)։
Ճշմարիտ Քրիստոնէական կեանքը կրնանք վարել, եթէ Տէր Յիսուսը իբրեւ Փրկիչ կը ճանչնանք, միայն Իրմէ կը յուսանք, միայն Իրեն կը նայինք ու միայն Իրեն կը հետեւինք ու կը քալենք Իր առաջնորդութեամբ. երբ՝ աշխարհին, բարեկամներուն եւ թշնամիներուն, ապագային, մահուան, յաւիտենական կեանքին կը նայինք Տէր Յիսուսի ցոյց տուած ուղղութեամբ. նաեւ երբ՝ կը սիրենք եւ կը ներենք Յիսուսի ցոյց տուած օրինակին հետեւելով։ Այս պարագային է, որ Սատանան, մեղքը, չարութիւնը, թշնամութիւնը տեղ չեն ունենար մեր կեանքէն ներս։ Ճշմարիտ Քրիստոնէական կեանքին մէջ կրնանք զգալ խաղաղութեան ներկայութիւնը, սրբութիւնը եւ կրնանք ունենալ ծառայելու տրամադրութիւն։
Աստուած երկինքէն վկայեց, թէ §Ան իր սիրելի Որդին է¦, եւ պատգամեց որ, §բոլոր մարդիկ Իրեն, միայն Իրեն լսեն¦։ Եթէ կը փափաքինք խաղաղ, երջանիկ եւ մաքուր կեանք մը ապրիլ, պարտինք Անոր խօսքերուն լսել եւ միայն Անոր ձայնին ականջ տալ։
Պայծառակերպութեան տաղաւարին պատգամն է, լսելով Տէր Յիսուսի խօսքը պայծառանալ հոգիով, միտքով, սիրտով զգացումներով ու ապրումներով։ Մեր աչքերը թող տեսնէ միայն Տէր Յիսուսը, որպէսզի պայծառակերպուի եւ լուսաւորուի մեր կեանքը։ Միայն Իրեն հետեւինք, որպէսզի Անոր հոգիով զօրանան մեր հոգիները եւ զօրացած հոգիով միշտ փառաւորենք անունը Ամենասուրբ Երրորդութեան, որ միշտ օրհնեալ է յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
ԶԱՒԷՆ ՔՀՆՅ. ՊՉԱՔՃԵԱՆ
|