ՔԱՐՈԶ
§Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի¦
(Ղուկաս 1.38)
Սուրբ Աստուածածնի նուիրուած տօներէն մեծագոյնն է Վերափոխման Տաղաւարի տօնը, որ կը տօնուի ամէն տարի Օգոստոսի 15ին ամենամօտիկ կիրակին։ Այս տօնին, որուն ընթացքին Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Աստուածածնի ննջումն ու երկինք վերափոխուիլը, մենք կը շարունակենք օրինակներ քաղել Սուրբ Կոյսի կեանքէն, որ եղած է նուիրումի, սրբութեան եւ հնազանդութեան տիպար։ Անոր կեանքի օրինակը աւելի յստակացնելու համար զինք կարելի է բաղդատել ուրիշ կարեւոր անձնաւորութեան մը հետ, որ հանդէս կու գայ Աւետարանին մէջ։ Ան Յովհաննէս Մկրտչի հայրը՝ Զաքարիա Քահանան է։
Մեծ նմանութիւններ կան Տէր Յիսուսի եւ Յովհաննէս Մկրտչի ծննդեան աւետիսներուն մէջ։ Երկուքն ալ Աստուծոյ յատուկ տնօրինութիւններն են։ Երկուքն ալ կը հաղորդուին Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ եւ կը պատահին երկու հրաշքներ։ Սակայն ենթականերուն կեցուածքը բոլորովին այլ է։ Ճիշդ այս կէտի վրայ է, որ կը տեսնուի Սուրբ Կոյս Մարիամի մեծութիւնը։ Կատարենք համեմատութիւններ։
Զաքարիա Քահանան տարիներ շարունակ աղօթած էր արու զաւակի մը համար։ Ան վստահաբար բազմիցս կարդացած էր, թէ ինչպէս Տէր Աստուած Եղիսէ մարգարէի ձեռքով հրաշք մը գործած էր ու կին մը զաւակ ունեցած էր (Դ Թագ. 4.12-17). Ան բազմիցս կարդացած էր թէ ինչպէս Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ Իսահակ ծնած էր։ Կը հաւատար բնականաբար թէ՝ Տէր Աստուած իրեն ալ զաւակ մը կրնար տալ։ Սակայն երբ հրաշքը պատահեցաւ, դժուարացաւ ընդունիլ։ Ինք այլեւս մարդոց նախատինքին նշաւակ պիտի չըլլար եւ իր ընտանիքին մէջ ուրախութիւն պիտի տիրէր։ Սակայն թերահաւատութիւն ըրաւ։
Իսկ Մարիամի պարագան բոլորովին այլ էր։ Ան Զաքարիային նման Սուրբ Գրոց մասնագէտ մը չէր։ Հազիւ 14 կամ 15 տարեկան աղջնակ մըն էր։ Ան չէր սպասեր զաւակ մը։ Այն ինչ որ պիտի պատահէր իրեն, բոլորովին գերբնական էր։ Նաեւ ինք նշանուած էր։ Նշանածը ինչպէս պիտի համոզուէր, որ պատահածը հրաշք մըն էր։ Մեծ հաւանականութեամբ պիտի կորսնցնէր իր նշանածը։ Նաեւ մարդկանց կողմէ պիտի մեղադրուէր պոռնկութեամբ եւ եթէ մեղապարտ գտնուէր, մահապատժի կրնար ենթարկուիլ։ Այսինքն Զաքարիա Քահանայի նման ուրախութիւն մը չէ, այլ մեծ դժբախտութիւն կրնար պատահիլ իրեն։ Իր նշանածը կը կորսնցնէր, հաւաքականութենէ կը մերժուէր, կը խայտարակուէր եւ նաեւ կրնար սպաննուիլ։ Սակայն ան խոնարհութեամբ ընդունեց Տիրոջ կամքը։ Բնաւ չմտածեց թէ ինչեր կրնան պատահիլ։ Բան մը որ Աստուծմէ էր, հետեւանքը ինչ որ ալ ըլլար բարի կ՚ըլլար։ Եւ հաւատարմութիւնն ու խոնարհութիւնը սովորական աղջնակ մը վերածեց Աստուածամօր, երկնային Թագուհիի եւ Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարեխօսի։
Ուստի կարեւոր չէ թէ մենք ինչ զարգացում ունինք, ով ենք, ինչ տիտղոսներ կը կրենք կամ ինչ գիտենք։ Աստուած չի նայիր այս բոլորին, այլ Ան կը քննէ մեր սրտերն ու մտքերը։ Կարեւորը հնազանդութիւնն է՝ Աստուծոյ կամքին ու տնօրինութեան։ Եթէ ունենանք այն, Աստուած պիտի ղրկէ նաեւ մեզի Իր Սուրբ Հոգին, որով մենք պիտի դառնանք Աստուծոյ տաճարներ, ուր կը փառաբանուի Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։
Մարիամ Աստուածածինն եղաւ այն կատարեալ օրինակը, թէ մեզի ցոյց կու տայ Քրիստոնեայի գերագոյն տիպարը։ Հետեւինք անոր օրինակին եւ ոչ թէ այս աշխարհի հոսանքներուն, որոնք կորստեան, դժբախտութեան եւ փճացման կը տանին։ Մարիամի օրինակը զմեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք, անանց ուրախութիւն եւ երջանկաբեր նորոգութիւն։
Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի բարեխօսութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլան։ Ամէն։
îð¸²î øÐÜÚ© àô¼àôܺ²Ü
|